Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Երեւան եւ … Պէյրութ

Երեւան եւ … Պէյրութ

by MassisPost

Արա Սանճեան

Յուլիս 17-էն սկսեալ` երեւանեան վերջին անցուդարձի ֆոնին վրայ, մեր հայրենաբնակ կարգ մը ազգակիցներէն քանիցս լսեցինք թէ «Պէյրութ մի՛ սարքէք մեր երկիրը»։ Երկուշաբթի օր, Պէյրութի կողքին յայտնուեցաւ նաեւ Հալէպը` իբրեւ մէկը այն երկու օրինակներէն, որոնցմէ պէտք է խուսափին Հայաստանի քաղաքացիները։

Պէյրութն ու Հալէպը, երկու քաղաքներ, ուր մեր նախնիներէն շատերը կրցան ցեղասպանութենէն ճողոպրիլ, այնտեղ հանգրուանիլ ու իրենց համար նոր կեանք ստեղծել, վերոնշեալ պարագաներուն բնականաբար կը ներկայացուին իբրեւ բացասական օրինակներ։

Հալէպի պատիւը պաշտպանելու պարտականութիւնը կը թողում Սուրիոյ այդ վաճառաշահ քաղաքին մէջ ծնած, մեծցած ու նոյնիսկ այս դժնդակ օրերուն այդ քաղաքին կառչած ազգակիցներուս։

Ես պիտի գրեմ Լիբանանի եւ անոր մայրաքաղաք Պէյրութի մասին, ուր մայրական կողմս հաստատուած է Կիլիկիոյ պարպումէն անմիջապէս ետք` 1920ականներուն, իսկ հայրական կողմս` 1940ականներու երկրորդ կիսուն։ Ես ծնած, մեծցած ու հայկական դպրոց յաճախած եմ Լիբանանի մէջ` քաղաքացիական 15ամեայ պատերազմի դժուար տարիներուն։ Լիբանանի մէջ անցուցած եմ կեանքիս մեծագոյն մասը։ Այս տողերը կը գրեմ Լիբանանի մեր ընտանեկան բնակարանին մէջ, ուր հաստատուած ենք 1980ի Դեկտեմբերէն ի վեր։ Ծնողներս զիս դաստիարակեցին ըլլալ հայ, հպարտանալ հայութեամբ ու Հայաստանով, բայց Հայաստանէն ոչ նուազ կը սիրեմ նաեւ Լիբանանը, իր ժողովուրդն ու մշակոյթը։ Հայաստանի նման, Լիբանանին ալ կը ցանկամ լաւագոյնը։ Լիբանանի թերութիւններուն վերաբերեալ նոյնքան կը սրտնեղիմ ինչքան` Հայաստանի բացթողումներուն։

Մասնագիտութիւնս պատմութիւնն է, եւ ինծի համար անառարկելի ճշմարտութիւն է, որ յիշողութիւնը` անհատական թէ՛ հաւաքական, անխուսափելիօրէն ընտրովի կ’ըլլայ` կամայ թէ ակամայ։  Լիբանանն ալ աշխարհի բոլոր երկիրներուն նման ունի իր օրինակելի ու բացասական երեսները։ Եթէ Հայաստանի մէջ որոշ շրջանակներու համար այսօր շահաւէտ է Պէյրութը ներկայացնել իբրեւ խորհրդանիշ երկրի մը, ուր քաղաքական հարցերը զէնքով ու բռնութեամբ կը լուծուին միայն, այս գրութեան մէջ ես ալ ընտրովի պիտի ըլլամ, բայց հակառակ ուղղութեամբ ու պիտի յիշատակեմ դէպքեր, որոնք կ’ընդգծեն Լիբանանի ժողովուրդին հայրենասիրութիւնն ու ազատասիրութիւնը, ժողովրդավարական կարգերու եւ աւանդոյթներու հանդէպ անոր յարգանքը։ Լիբանանի պատմութիւնը լիարժէք չ’ըլլար եթէ անգիտանանք երկրին ու անոր մայրաքաղաք Պէյրութի կենսագրութեան ստորեւ ներկայացուող դրուագները 20րդ ու 21րդ դարերէն։

Լիբանանն` իբրեւ պետութիւն, իր այսօրուան սահմաններով, գոյացաւ Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներուն վրայ, 1920ին։ Պէյրութն անոր մայրաքաղաքը եղած է առաջին օրէն։ Պէյրութն ալ Վանի ու Երեւանի չափ հին քաղաք է` հարուստ հնագիտական ժառանգութեամբ։ Այսուհանդերձ, 1920էն անմիջապէս ետք` շուրջ քառորդ դար, Լիբանան փաստացիօրէն կը գտնուէր ֆրանսական քաղաքական ու ռազմական իշխանութեան տակ։ Միայն Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ` օգտուելով միջազգային քաղաքական իրավիճակէն, Լիբանան ու Սուրիա` համարեա միաժամանակ, Ֆրանսայի (այսինքն` Զօրավար Շարլ Տը Կոլին) պարտադրեցին, որ 1943ին ճանչնայ իրենց ինքնիշխանութիւնը, իսկ 1946ին` առանց որեւէ պայմանի, իր զօրքերը դուրս բերէ Լիբանանէն ու Սուրիայէն։ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ (գուցէեւ աշխարհի մէջ, վստահ չեմ), Լիբանան ու Սուրիա առաջին երկիրներն էին ուրկէ գաղութարարը հեռացաւ առանց որ կարենայ` իբրեւ «կամաւոր» հեռացման գին, իր նախկին գաղութին պարտադրել այսպէս կոչուած «անհաւասար» պայմանագիր ու միառժամանակ շարունակել այնտեղ վայելել որոշ առանձաշնորհումներ։

Լիբանանի քաղաքական համակարգը կիսանախագահական է։ Մինչեւ 1990ի սահմանադրական փոփոխութիւնները, հանրապետութեան նախագահը կը վայելէր գործադիր իշխանութեան լայն իրանունքներ, թէեւ ան կ’ընտրուէր ո՛չ թէ ուղղակի ժողովուրդէն, այլ` ժողովուրդին կողմէ չորս տարի ժամկէտով ընտրուած խորհրդարանէն։ Լիբանանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի կ’ունենան 1922էն սկսեալ, նոյնիսկ` ֆրանսացիներու ներկայութեան շրջանին։ Անկախ Լիբանանի հանրապետութեան առաջին նախագահն էր Պշարան ալ-Խուրին (արեւելահայ արտասանութեամբ` Բիշարա ալ-Խուրի)։ Ան կը համարուի Լիբանանի անկախութեան հայրերէն։ 1943ին` հակաֆրանսական պայքարի օրերուն, ան նոյնիսկ ֆրանսացիներու կողմէ ձերբակալուած էր ու ժամանակաւորապէս բանտարկուած։ Սակայն, ինքն ալ ի վերջոյ վարակուեցաւ իշխանաւորներուն մօտ լայն տարածում գտած իշխանութիւնը հնարաւորինս երկար պահելու ախտէն ։ Համաձայն Լիբանանի սահմանադրութեան, նախագահը կը պաշտօնավարէ վեց տարի եւ կրնայ վերընտրուիլ միայն առաջին պաշտօնավարութեան աւարտէն վեց տարի ետք։ (Ի դէպ, այդպիսի վերընտրութիւն երբեք տեղի չէ ունեցած։) Խուրի կեղծեց 1947ի հերթական խորհրդարանական ընտրութիւնները, ապահովեց ընտրութիւնը իրեն հլու խորհրդարանի մը, որ 1948ին փոփոխութեան ենթարկեց սահմանադրութիւնը, եւ Խուրի 1949ին սկսաւ նախագահական իր երկրորդ վեցամեայ ժամկէտը։ (Լիբանանի մէջ խորհրդարանը կրնայ փոխել սահմանադրութիւնը պատգամաւորներու ձայներու երկու-երրորդով։) Միաժամանակ, երկրէն ներս կար լայն դժգոհութիւն նախագահի հարազատ եղբօր` Սալիմ ալ-Խուրիի վարքագիծէն։ Օգտուելով իր եղբօր դիրքէն, ան կը փորձէր արագօրէն հարստանալ։ Ժողովուրդը սկսած էր վերջինս «Սուլթան Սալիմ» կոչել։ Ի վերջոյ, 1952ին Նախագահ Խուրիի դէմ ստեղծուեցաւ քաղաքական լայն դաշինք (կոալիցիա) եւ վերջինիս համազգային գործադուլի կոչը լայն արձագանգ գտաւ։ Խուրի դիմեց բանակի գլխաւոր հրամանատարին, որ իր զինուորներով բանալ տայ փակ խանութները։ Հրամանատարը մերժեց` ըսելով, որ բանակի պարտականութիւնը միայն երկիրը արտաքին թշնամիէն պաշտպանելն է եւ թէ բանակը չի խառնուիր երկրի քաղաքական ներքին վէճերուն։ Հրամանատարի մերժումէն ետք, Խուրի մտաւ նախագահական ապարանքի մատուռը, ծունկի եկաւ, աղօթք մը արտասանեց (այս մասին կան ականատեսներու գրաւոր վկայութիւններ ու պահպանուած է լուսանկար) եւ ապա` վերադառնալով իր գրասենեակը, գրեց ու ստորագրեց իր հրաժարականը` կարճ ու կտրուկ։

Այսօր, լիբանանցիները Խուրին կը յիշեն աւելի շատ իբրեւ անկախութեան հայր քան թէ իբրեւ կաշառակեր նախագահ։ Իր անունով կը կոչուի Պէյրութի կարեւոր պողոտաներէն մէկը, որու եզրին կանգնած է իր արձանը։ Ամէն տարի, անկախութեան տօնին, նախարարներ ծաղկեպսակ կը զետեղեն իր եւ 1943ին իր հետ կալանաւորուած լիբանանցի քաղաքական գործիչներու շիրիմներուն վրայ։

Նախագահ Քամիլ Շամուն` Խուրիի յաջորդը, նոյնպէս իր պաշտօնավարութեան աւարտին` 1958ին, գայթակղութիւնն ունեցաւ փորձել փոխել տալու սահմանադրութիւնը եւ այդպիսով վեց տարիով երկարաձգելու իր իշխանութիւնը։ Այս անգամ, ան իր դէմ յանդիման գտաւ ժողովրդական զինուած ապստամբութիւն մը, որ տեւեց վեց ամիս եւ իրեն պարտադրեց հրաժարելու իր ժամկէտը երկարաձգելու երազէն։ Պաշտօնական ժամկէտի աւարտին, Շամուն իշխանութիւնը փոխանցեց խորհրդարանի կողմէ ընտրուած իր յաջորդին, որ իր քաղաքական հակառակորդներէն էր։ Շամուն մնաց քաղաքականութեան մէջ մինչեւ իր մահը (1987ին), նախագահական իր ժամկէտի աւարտէն ետք մի քանի անգամ զբաղեցուց նախարարական պաշտօններ, անգամ մը նոյնիսկ պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը ներկայացուց նախագահական թափուր աթոռին համար, բայց երբեք չվերադարձաւ նախագահի պաշտօնին։

1958ին ընտրուած նախագահը լիբանանեան բանակի նախկին գլխաւոր հրամանատար Ֆուատ Շեհապն էր (արեւելահայ արտասանութեամբ` Ֆուադ Շեհաբ)։ Ան պաշտօնավարեց մինչեւ 1964 թուականը։ Այդ տարի, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցան ե՛ւ խորհրդարանական ե՛ւ նախագահական ընտրութիւններ։ Խորհրդարանական ընտրութիւնները նախորդեցին նախագահականին։ Նորընտիր խորհրդարանի 99 պատգամաւորներէն 79ը խնդրագրով դիմեցին Շեհապին, որ ընդունի սահմանադրութեան փոփոխութիւն եւ շարունակէ պաշտօնավարել եւս վեց տարի։ Շեհապ մերժեց առաջարկը, հսկեց որ ժամանակին եւ ըստ սահմանադրութեան սկզբունքներուն կատարուի իր յաջորդին ընտրութիւնը, ապա` հեռացաւ քաղաքական կեանքէն ու իր ապարանքին մէջ մահացաւ 1973ին։

1968ի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, երկրին մէջ աւելցած էր դժգոհութիւնը Շեհապի եւ անոր համախոհ յաջորդին վարած քաղաքականութեան նկատմամբ։ Քաղաքական այդ ուղեգիծին, այսպէս կոչուած շեհապականութեան դէմ գոյացաւ «Երրեակ դաշինքը», որ լուրջ յաջողութիւններ ունեցաւ 1968ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ եւ տիրացաւ պատգամաւորական բազմաթիւ աթոռներու։ Այս պայմաններու տակ, 1970ի նախագահական ընտրութիւնները շատ թէժ էին, բայց` ամբողջութեամբ երկրի սահմանադրական սկզբունքներուն համապատասխան։ Ընդդիմադիր «Երրեակ դաշինքի» թեկնածուն ստացաւ խորհրդարանի 99 պատգամաւորներէն 50ին ձայները, իշխանամէտ շեհապական թեկնածուն` 49 քուէ։ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը ընտրուեցաւ մէկ ձայնի տարբերութեամբ։

1977ին Իսրայէլը արշաւեց հարաւային Լիբանան` այնտեղ ճնշելու համար պաղեստինցի մարտիկներու կամ ֆիտայիներու եւ անոնց լիբանանցի համախոհներուն գործունէութիւնը։ 1982ին` երկրորդ, աւելի լայնածաւալ արշաւանքով մը իսրայելացի զօրքերը պաշարեցին ու շաբաթներով ռմբակոծեցին Պէյրութը։ Յետոյ, խախտելով հրադադարի պայմանագիրը, անոնք նուաճեցին Պէյրութը երբ` ըստ նոյն պայմանագրի, անկէ արդէն հեռացած էին քաղաքը պաշտպանողներուն մեծ մասը։ Պէյրութը դարձաւ իսրայելեան գրաւման ենթակայ առաջին արաբական մայրաքաղաքը։ Բայց, նոյն Պէյրութին մէջ շուտով յառաջ եկաւ դիմադրական ճակատ մը, որու զինուած գործողութիւնները իսրայելացի զինուորներուն դէմ կարեւոր դեր խաղացին Պէյրութէն շուտով հեռանալու իսրայելեան որոշման մէջ։ Իսրայէլի դէմ հարաւային Լիբանանի մէջ զինուած դիմադրութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 2000 թուականը եւ ի վերջոյ Իսրայէլին պարտադրեց, որ երկրէն հեռանալու միակողմանի որոշում կայացնէ` առանց Լիբանանի կառավարութենէն նուազագոյն զիջում կարենալ կորզելու։ Արաբ-իսրայելեան պատերազմներու պատմութեան մէջ, ասիկա առանց որեւէ քաղաքական զիջման, գրաւուած հող ազատագրելու միակ դէպքն է, որմով հպարտ են բոլոր լիբանանցիները։

1992ին տեղի ունեցած` քաղաքացիական պատերազմէն ետք առաջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ եւս, երկրի վարչապետին գլխաւորած թեկնածուներու ցուցակը Պէյրութի մէջ շատ ծանր պարտութիւն կրեց։ Պատգամաւոր ընտրուեցան ընդդիմադիր ցուցակէն բազմաթիւ թեկնածուներ։

Համարեա նոյնպիսի վախճան ունեցան 2000ի խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Ռաֆիք ալ-Հարիրին (արեւելահայ արտասանութեամբ` Ռաֆիկ ալ-Հարիրի) վարչապետ դարձած էր 1992ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, բայց երբ 1998ին հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ Էմիլ Լահուտը (արեւելահայ արտասանութեամբ` Էմիլ Լահուդ), Հարիրի մերժեց շարունակել պաշտօնավարել որովհետեւ նորընտիր նախագահին հետ լուրջ տարակարծութիւններ ունէր երկրի զարգացման ռազմավարութեան շուրջ։ Հարիրի անցաւ ընդդիմութեան շարքերը եւ 2000ի ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ իբրեւ ընդդիմադիր։ Երբ Հարիրի եւ իր հետեւորդները այդ ընտրութիւններուն շռնդալից յաղթանակ տարին, Նախագահ Լահուտ հարկադրուած եղաւ վերստին վարչապետ նշանակել Հարիրին եւ ընդունիլ անոր ծրագիրը։

Իբրեւ վերջին կէտ նշեմ նաեւ թէ Լիբանանի մէջ սահմանադրական խորհուրդ կամ դատարան ստեղծուած է 1990 թուականի սահմանադրական փոփոխութիւններու ծիրէն ներս։ Բազմաթիւ այլ իրաւասութիւններու կողքին, այս խորհուրդը կը քննէ նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ պարտուած թեկնածուներուն ներկայացուցած հայցերը։ Ի հարկէ, բազմաթիւ պարտուած թեկնածուներ փորձած են օգտուիլ այս իրաւունքէն եւ պահանջած են բեկանել իրենց ընտրաշրջանի արդիւնքները։ Բնականաբար, ոչ բոլոր հայցերն այս ուղղութեամբ բաւարարուած են խորհուրդին կողմէ, բայց քիչ չեն նաեւ այն պարագաները երբ խորհուրդը քննած է բողոքը եւ բաւարարած բողոքարկող թեկնածուին պահանջը` բեկանելով ընտրութեան պաշտօնական արդիւնքները եւ այդ ընտրաշրջանին մէջ նշանակելով նոր ընտրութիւններ։

Ի հարկէ, այս դրուագները Լիբանանի պատմութեան ամբողջութիւնը չեն ներկայացներ։ Վերեւը մատնանշեցի թէ փաստերու այս փունջն ալ ընտրովի է` յար եւ նման «Պէյրութ» ըսելով միա՛յն քաղաքացիական պատերազմ հասկնալու ընտրանքին։ Այս յօդուածս գրուած է առաջին հերթին հայրենաբնակ ազգակիցներուս համար։ Դիտմամբ խուսափեցայ բաղդատութիւններ կատարելէ Հայաստանի մերօրեայ իրականութեան հետ։ Անոնց, որոնց հասանելի պիտի ըլլայ այս գրութիւնս, վստահ եմ, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը, եթէ ցանկայ, կրնայ համեմատել զոյգ իրավիճակները եւ ըստ այնմ կատարել իր ուրոյն եզրակացութիւնը թէ երբեւիցէ կ’արժէ՞ թէ՞ ոչ Պէյրութ սարքել Երեւանը, եւ թէ իւրաքանչիւր պարագային ի՞նչ կրնայ խորհրդանշել «Պէյրութ» տեղանունը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment