2 Օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանական բանակի արեւելեան զօրամասերէն մէկուն մէջ ականի պայթումի հետեւանքով զոուած է զինծառայող՝ 1996-ի ծնունդ Գէորգ Արթուրի Յարութիւնեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ-ն, նշելով, որ Ղարաբաղեան սահմանին երէկ հրադադարի պահպանման պայմանը հակառակորդի կողմէ խախտուած է 31 անգամ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 350 կրակոց: