«Օսմանեան Օճախներ» հիմնարկութեան ընդհանուր նախագահ Խայրուլլահ Պէյազետ պնդեց որ Ֆէթհուլլահ Կիւլէն հարազատ հայ մըն է: Ան ընկերային ցանցի իր էջին վրայ հրատարակած է, որ Ֆէթհուլլա Կիւլէն էրզրումցի հայ մըն է, անոր եղբօր անունը ՝ «Մէսիհ», իսկ մօր «Րապին» կը կոչուի:
«Օսմանեան Օճախներ» հիմնարկութեան նախագահը պնդած է, որ իր ըսածները ճշմարտութիւն են եւ եթէ հակառակը փաստուի, ինք պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն:
MHP Կուսակցութեան անդամ եւ իր հայատեաց կեցուածքներով յայտնի պատգամաւոր Եուսուֆ Հալաճօղլու, նոյն օրակարգով խօսելով ըսած է ՝«Ֆէթհուլլահ Կիւլեն հայկական ծագում ունի եւ անոր մեծհայրը Էրզրումի մէջ գործօն դեր կատարած է թուրքերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մէջ»: