Home Uncategorized Ժողովրդային Ապստամբութիւնը Կը Շարունակուի, Զոհուած է Ոստիկանութեան Ենթասպայ

Ժողովրդային Ապստամբութիւնը Կը Շարունակուի, Զոհուած է Ոստիկանութեան Ենթասպայ

by MassisPost

Երեւանի մէջ կը շարունակուի անփոփոխ մնալ խիստ լարուած կացութիւնը։ Իշխանխանութիւններուն կողմէ ժողովուրդին ահաբեկելու քայլերը կու տան հակառակ աղդեցութիւնը։ Օր մը առաջ պատահած ծեծ ու ջարդէն ու զանգուածային ձերբակսլութիւններէն ետք, Յուլիս 30-ին հազարաւոր ժողովուրդ դարձեալ հաւաքուեցաւ Ազատույեան հրապարակի վրայ, հոնկէ ուղուելու համար Խորենացի փողոց՝ «Սասնայ ծռեր» խումբին զօրակցութիւն ցոյց տալու նպատակով։

Ստորեւ՝ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները։

Զոհուած է Ենթասպայ Եուրա Տեփանոսեան
Կացութիւնը կը շարունակ մնալ լարուած Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնին շուրջ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նաեւ կը հաղորդեն, որ այսօր յետմիջօրէին գրանցուած է կրակոց, որուն հետեւապքով սպաննուած է ՀՀ ոստիկանութեան ենթասպայ՝ Եուրա Տեփանոսեանը: Այս մասին նոյնպէս արձագանքած է ՀՀ ոստիկանութեան բանբեր Աշոտ Ահարոնեան, որուն ըսելով ենթասպայ Տեփանոսեան զոհուած է ՊՊԾ գունդէն արձակուած գնդակով:

Ահարոնեանի խօսքով «Սասնայ ծռեր» խմբակի զիինեալները գործի դրած են դիպուկահար, որուն կրակով զոհուած է ենթասպան: Այս դէպքէն ետք Էրէբունիի դէպքերուն սկիզբէն ի վեր զոհերուն թիւը կը հասնի երկուքի: Դէպգի առաջին օրը զոհուած էր գնդապետ Արթուր Վանոյեանը:

Զոհուած ենթասպան ծնած է 1986 թուականին Երեւանի մէջ: 2003-ին Աւարտած է միջնակարգ դպրոցը, 2004-2006 թուականներուն ծառայած է է ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ: ՀՀ ոստիկանութեան զօրքերուն մէջ կը ծառայէր 2011 թուականէն սկսեալ: Ան ունէր երկու դուստր եւ մէկ որդի։

Նշենք, որ ԱԱԾ-ն աւելի վաղ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «Սասնայ ծռեր» խումբի զինեալներուն յորդորած էր զէնքերը յանձնել, այլապէս ԱԱԾ-ն տարբեր քայլերու դիմելով պիտի վնասազերծէր զինեալները: Տրուած պայմանաժամէն անցած են չորս ժամեր եւ այս պահուն զգուշաւոր իրավիճակ կը տիրէ Էրէբունիի շրջակայքը:

Հաւաք «Ազատութեան» հրապարակին վրայ
Երեւանի ժամով ժամը 20:00-էն սկսեալ տեղի կ’ունենայ հանրահաւաք «Ազատութեան» հրապարակին վրայ: Խօսքերով հանդէս եկած են «Հակաճգնաժամային Խորհուրդ»ի անդամ Ալպէր Պաղտասարեան, դերասանուհի Թամար Յովհաննիսեան եւ ուրիշներ: Հաւաքին մասնակցողները մտադիր են երթ մը կայացնել, սակայն մինչեւ այս պահը յստակ չէ դարձած երթին ուղղութիւնը: Ըստ տարբեր աղբիւրներու ցուցարարները մտադիր են երթալ Խորենացի փողոց այդ ձեւով արգելք հանդիսանալով ոստիկանութեան եւ միւս մարմիններուն ներխուժել Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոն:

Ժիրայր Սէֆիլեանի բանտէն ուղղուած երկու կոչերը
«Նախախորհրդարան»ի համակարգող Ժիրայր Սէֆիլեան այսօր երկու առիթներով կոչերով հանդէս եկաւ: Մինչ իր առաջին կոչով ան կը խօսէր բանակցութիւնները իր ներկայութեամբ շարունակել հեռանկարին մասին, երկրորդ կոչով ան հանրութիւնը կը յորդորէր մեկնիլ Խորենացի փողոց եւ ամէն գնով արգելք հանդիսանալ, ոստիկանութեան ու յարակից մարմիններու «Սասնայ ծռեր»ը վնասազերծելու ուղղուած բոլոր ձեւի արարքները:

Ալեք Ենիգոմշեանի դէմ չորս ամսուան կալանաւորման որոշում
Այսօր կալանաւորուած է «Հիմնադիր խորհրդարան»-ի անդամ, «Ասալլա»ի մարտիկ Ալէք Ենիգոմշեանը: Այս մասին յայտնած է անոր պաշտպան Նիկոլայ Պաղտասարեան: Յիշեցնենք, որ Ալէք Ենիգոմշեանը ձերբակալուած է Յուլիս 27-ին: Ըստ ԱԱԾ-ի՝ Ալեք Ենիգոմշեան կը մեղադրուի «Սասնայ ծռեր» խումբին օժանդակելու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment