Տասնեակ վիրաւորեալներ փոխադրուած են Երեւանի տարբեր հիւանդանոցները: Ըստ լրատուական աղբիւրներու վիրաւորներուն թիւը կը հասնի քսանի եւ անոնց իրավիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեամբ: Բռնութիւն կիրառուած է «Ազատութիւն» ռատիօկայանի «Արմէնիա» հեռուստաընկերութեան եւ «Ժամ», «Առաջին լրատուական» A1+ կայքերու աշխատակիցներուն դէմ: Նշենք, որ ծանր վիրաւորում ստացած են` «Առաջին լրատուական» կայքի լրագրող ՝ Մարիամ Գրիգորեանն ու նկարահանող՝ Դաւիթ Յարութիւնեանը:
Իր կարգին ոստիկանութեան մամլոյ վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան ֆէյսպուքեան իր էջով գրառում մը կատարելով յայտնած է, թէ անյապաղ քննութիւն պիտի բացուի լրագրողներուն դէմ եղած դէպքերուն վերաբերեալ: Միւս կողմէ ՊՊԾ գունդի կեդրոնին մասին նոր տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր, նշենք, որ երէկ յետմիջօրէին «Սասնայ ծռեր» խումբի երեք զինեալներ վիրաւորուած էին: Զինեալներէն երկուքը` Արթուր Մելգոնեան եւ Արմէն Լամբարեան փոխադրուած են հիւանդանոց, մինչ Արայիկ Խանդոյեան յայտնի՝ «Միայնակ գայլ» անունով մերժած է դուրս գալ ՊՊԾ կեդրոնէն:
Այսօր լարուած իրավիճակ կը տիրեր Էրէբունի ՊՊԾ կեդրոնի հարեւանութեամբ գտնուող Խորենացի փողոցին վրայ: Ոստիկանութիւնը պահանջած էր բոլոր քաղաքացիներէն շրջանէն հեռանալ, մինչ ընդդիմադիր շարժումի ներկայացուցիչներ կ’առարկէին այդ պահանջին դէմ: Բուռն լեզուակռիւ տեղի ունեցած է յատկապէս «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան անդամ պատգամաւոր Զառուհի Փոսթանճեանի եւ Երեւանի փոխ ոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեանի միջեւ: