Երեքշաբթի 26 Յուլիսին, ՍԴՀԿ Կեդր. Վարչութեան անդամ ընկ. Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հանդիպած է նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: Հանդիպումը առիթ եղած է որ նախարար Օհանեան գնահատէ ընկ. Ե. Ճէրէճեանի կողմէ վերջերս լոյս տեսած «Մեծն Մուրատ» գիրքէն օրինակներու տրամադրութիւնը Հայաստանի բանակի զօրանոցներու գրադարաններուն: Բանակը պէտք է միշտ զգայ որ հզօր է նաեւ իր թիկունքով եւ նման արարքները հայ սպային ու զինուորին մօտ այդ համոզումը կը զօրացնեն.- ըսած է նախարար Ս. Օհանեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղած որ խօսակցութիւն ծաւալի Արցախեան հարցի նոր զարգացումներուն եւ Խորենացի փողոցի իրադարձութիւններուն լոյսին տակ Երեւանի ապահովական վճակին մասին: