Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրաւապահները Անակնկալ Յարձակում Գործեցին «Սասնայ Ծռեր» Խումբի Անդամներուն Վրայ

Իրաւապահները Անակնկալ Յարձակում Գործեցին «Սասնայ Ծռեր» Խումբի Անդամներուն Վրայ

by MassisPost

Հայաստանի Մէջ Կը Տիրէ  Ժողովրդային Ապստամբութեան Մթնոլորտ

Խիստ լարուած  իրավիճակ կը տիրէր Երեւանի մէջ:  Յուլիս 27-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն  իրաւապահներու կողմէ կատարուած անակնկալ յարձակումի մը ընթացքին տեղի ունեցած է  փոխհրաձգութիւն, որու  հետեւանքով վիրաւորուած  են «Սասնայ Ծռեր»  Խումբի անդամներէն  Պաւլիկ Մանուկեանը, անոր որդին` Արամը,  մէկ այլ զինեալ  եւ մէկ իրաւապահ ոստիկան: Վիրաւորեալները փոխադրուած են հիւանդանոց:  Ոստիկանութեան  բանբեր մը   յայտնց  որ, խումբի երկու անդամներ`  Արամ Յակոբեան ու Գագիկ  Եղիազարեան յանձնուած են իրաւապահ   մարմիններուն:

Մինչ այդ, «Սասնայ Ծռեր» խումբին կողմէ Երեւանի Էրեբունի շրջանի ոստիկանութեան զօրանոցի գրաւումը կը  շարունակուի, թեւակոխելով երկրորդ շաբաթը:  Զինեալներուն կողմէ պատանդներու ազատ արձակումով,  գործողութիւնը ստացաւ  տարբեր  բնոյթ, վերածուելով իշխանութիւններուն դէմ ապստամբութեան, որուն  մասնակից են նաեւ հազարաւոր ժողովուրդ, որ ամէն օր կը հաւաքուի զօրամասին մօտ, իր զօրակցութիւնը  յայտնելու  տղաներուն:

Յուլիս 26-ին,  ՚Հիմնադիր Խորհրդարանՙ կազմակերպութեան  բանտարկեալ առաջնորդ   Ժիրայր Սեֆիլեան հանդէս եկաւ գործնական առաջարկութեամբ մը` իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ սկսելու ուղղութեամբ:  Սեֆիլեան իր փաստաբան  Արա Զաքարեանի միջոցով   յոյս յայտնեց, որ իշխանութիւնները օր առաջ կը սթափուին եւ  կը նստին բանակցութիւններու:

«Մենք ունենք յստակ քաղաքական  ծրագիր  խնդիրը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար: Ակնյայտ է, որ բանակցային պրոցէսի ուշացումը տանում է դէպի իրավիճակի լարման, որի պայմաններում կարող են նոր  բախումներ, վիրաւորներ եւ մարդկային կորուստներ լինել, ինչը անշուշտ, իշխանութիւնների մեղքն է լինելու», Ժիրայր Սեֆիլեանի այս խօսքերը ՚Ազատութիւնՙ ռատիոկայան փոխանցեց փաստաբան Արա Զագարեանը:

Նոյն օրը երեկոյեան,   Խորենացի փողոցին վրայ տեղի ունեցող հերթական  բողոքի հաւաքի  ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան  օր մը  առաջ կազմուած   «Հակաճգնաժամային Նախաձեռնող Խորհուրդի»  անդամներ  եւ  այլ գործիչներ:   Բոլոր խօսք առնողները   պահանջեցին  արագօրէն լուծել «Սասնայ Ծռեր» խումբի տղոց սնունդի, ջուրի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութիւն հանդիսացող խնդիրներու լուծումը:  Հանրահաւաքին յաջորդեց երթ` Երեւանի կեդրոնական փողոցներով:

Այս իրադարձութիւններու կողքին տեղի ունեցան նաեւ զինեալ բախումներ, որոնց ընթացքին վիրաւորուեցան զինեալ խումբի  բազմաթիւ անդամներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment