Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ Տ. Արմաշ Սրբազան- Երէկ Ծանր Գիշեր Մը Անցուցինք Դամասկոսի Մէջ

Տ. Արմաշ Սրբազան- Երէկ Ծանր Գիշեր Մը Անցուցինք Դամասկոսի Մէջ

by MassisPost

«Դամասկոսի  մէջ այսօր իրավիճակը  խաղաղ եւ կայուն է, բայց երէկ բաւական ծանր գիշեր մը անցուցինք» «Արեւելք» կայքին ըսած է Դամասկոսի թեմի  առաջնորդ  Տ. Արմաշ  Եպս. Նալպանտեան: Սրբազանը նաեւ նշած է, որ երէկ գիշեր  հրթիռարձկումներու ենթարկուած է  յատկապէս  Դամասկոսի Պապ Թումա  քրիստոնէաշատ շրջանը , ուր հրթիռ մը ինկած է շրջանին մէջ եղող  ճաշարանի մը վրայ պատճառ դառնալով  մեծ թիւով   մարդկային կորուստներու: Սրբազանին խօսքով   զոհերուն թիւը  հասած է 8-ի  եւ գրանցուած են   տասնեակ  վիրաւորներ: Հրթիռներ ինկած են նաեւ եւ հայ Կաթողիկէ  եւ Լատինաց եկեղեցիներու մօտակայքը:

Ըստ   Սրբազանին  եկեղեցիները չեն վնասուած,  բայց հրթիռի պայթումին հետեւանքով  փշրուած են  հայ  Կաթողիկէ   առաջնորդարանի  շէնքի կարգ մը ապակիները:

Նշենք, որ երէկ եղած  ծանր հրթիռարձկումներուն հետեւանքով զոհուածներուն մէջ հայեր  չկան:  Իրավիճակը  այսօր խաղաղ է   Դամասկոսի  մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment