Հայաստանի մէջ նոր ձեւաւորուող ընդդիմադիր ճակատը երկարատեւ պայքարի կը պատրաստուի: Այս մասին պարզ դարձաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Նիկոլ Փաշինեանի այսօր Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնին մօտ արտասանած խօսքին ընթացքին:
Փաշինեան , որ յայտնեց, թէ իրենց համար հիմնական նպատակը նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարաննն է նաեւ դիտել տուաւ, որ այդ հրաժարականը կախեալ է Հայաստանի հանրութեան յառաջիկայ գործողութիւններէն: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն մեծ թիւով ներկայ ըլլայ Էրէբունիի զօրակայանի շրջակայքը նկտաել տալով, որ բողոքի հաւաքներուն հիմնական ժամը երկոյեան ժամը 20:00–էն 22:00–ն է:
Նշենք նաեւ, որ հաւաքին խօսքով հանդէս եկաւ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի պատասխանատուներէն Ալեք Ենգիմոշեան, որ նաեւ յայտնեց, թէ իրենց համար պայքարի հիմնական օրակարգը նախագահ Սարգսեանի իր պաշտօնէն հրաժարումն է: Խօսքերու աւարտին հաւաքը աւարտած յայտարարուեցաւ եւ շրջանին մէջ հանդարտ իրավիճակ կը տիրէ: