Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան «Պարէտային Ժամ» Յայտարարեց Թուրքիոյ Մէջ

Էրտողան «Պարէտային Ժամ» Յայտարարեց Թուրքիոյ Մէջ

by MassisPost

Թուրքիոյ    մէջ   երեք ամսուան  ժամկէտով «Պարէտային ժամ»   յայտատարուեցաւ:  Այս մասին յայտատարութիւնը կատարուեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ: Նշենք նաեւ, որ Էրտողան  ժամեր առաջ  խօսած էր «Ալ Ճազիրա» կայանին: Ան ըսած էր, որ երկրին մէջ  եղած   յեղաշրծման մասին լուրը ինք ստացած է իր փեսայէն  եւ ան իր գործակիցներուն հետ միասին   աշխատելով յաջողած է   12 ժամուան ընթացքին ձախողութեան մատնել   զինուորական  յեղաշրջման փորձը:

Ակօս Թերթի համաձայն, 15 Յուլիսի ձախողած յեղաշրջումի փորձէն ետք Թուրքիոյ տարածքին բազմահազար պետական պաշ­տօ­նեաներ գոր­ծազրկո­ւած են։ Զա­նազան նա­խարա­րու­թիւննե­րէ եւ պե­տական կա­ռոյցնե­րէ դուրս հա­նուած պաշ­տօ­նեանե­րու թի­ւը  հա­սած է  55 հա­զար 578-ի։ Մաք­րա­գործման մե­ծագոյն հո­սան­քը կա­յացաւ Կրթա­կան նա­խարա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ Նա­խարա­րու­թեան կազ­մին մէջ պաշ­տօ­նավա­րող 15 հա­զար 200 ան­ձեր գոր­ծա­զուրկ եղած են։ Միւս կող­մէ յա­տուկ դպրոց­նե­րուն մէջ ու­սուցչա­գոր­ծող աւե­լի քան 21 հա­զար ու­սուցիչ­ներ ալ կորսնցու­ցած են իրենց ու­սուցչա­գոր­ծե­լու ար­տօ­նու­թիւնը։ Բո­լոր այս գու­մա­րին վրայ Չո­րեք­շաբթի օր եւս 6 հա­զար 538 ու­սուցիչ­ներ դուրս մնա­ցած են իրենց ծա­ռայու­թե­նէն։ Այս տո­ւեալ­նե­րով պաշ­տօ­նանկ եղած ու­սուցիչ­նե­րուն ընդհա­նուր թի­ւը կը հաս­նի 42 հա­զար 731-ի։ Բարձրա­գոյն ուսման խոր­հուրդն ալ իր կար­գին հրա­ժարե­լու հրա­ւիրեց բո­լոր պե­տական եւ հիմ­նադրա­մային հա­մալ­սա­րան­նե­րու տե­սուչնե­րը։ Այսպէ­սով պե­տական հա­մալ­սա­րան­նե­րու 1.176 եւ յա­տուկ հա­մալ­սա­րան­նե­րու 401 տե­սուչնե­ր հրա­ժարեցան։

Նման հրա­ժարումներ պատահած են ար­դա­րադա­տական հա­մակար­գէն ներս ալ։ Հոս ալ բազ­մա­թիւ դա­տաւոր­ներ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւած կամ պաշ­տօ­նազրկո­ւած են։ Նոյնպէս մաք­րա­գոր­ծումը թա­փան­ցած է բա­նակի շար­քե­րուն եւ բիւ­րա­ւոր սպա­ներ հե­ռացո­ւած են բա­նակի շար­քե­րէն։ Մին­չեւ թեր­թիս տպա­րան յանձնո­ւած պա­հուն ձեր­բա­կալո­ւած էին 43 ոս­տի­կան­ներ եւ 121-ն ալ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւած։ Հսկո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւած դա­տախազ­նե­րու եւ դա­տաւոր­նե­րու թի­ւը հա­սած է 1.005-ի, որոնցմէ 587 ար­դէն ձեր­բա­կալո­ւած։ Չեն բա­ցառո­ւած նաեւ զի­նուո­րական դա­տախազ­նե­րը եւ դա­տաւոր­նե­րը։ Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան փո­խան­ցած տե­ղեկութեամբ ռազմական ար­դա­րադա­տու­թեան մէջ ծա­ռայող ողջ անձնա­կազ­մը հար­ցաքննու­թեան են­թարկո­ւած է եւ անոնցմէ 262-ը ար­դէն պաշ­տօ­նազրկո­ւած։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment