Home ՍՓԻՒՌՔ Մուսա Լեռէն Մինչեւ Լիբանան` Հայերը

Մուսա Լեռէն Մինչեւ Լիբանան` Հայերը

by MassisPost

Սամանտաղ (Մուսա լեռ) գաւառին մէջ, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ աւանդական փառատօնը: Փառատօնին կը մասնակցէին մեծ թիւով արուեստագէտներ, գրողներ, քաղաքական գործիչներ եւ ակադեմականներ:

Այս փառատօնը կը կազմակերպեն «Սամանտաղ»-ի (Մուսա լեռ) «Բարգաւաճման Միութիւն»-ը: Այս փառատօնը նպատակ ունի արաբերէն երգերու, թատրոններու եւ մշակութային այլ ձեռնարկներու միջոցով վառ պահել արաբերէն լեզուի գործածութիւնը եւ արաբ ժողովուրդին ազգային ինքնութեան պահպանումը:

Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանէն հրաւիրուած էր Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան «Հայերը Մուսա լեռէն մինչեւ Լիբանան» վերնագիրը կրող զրոյց դասախօսութեան:

Այս ձեռնարկին կը մասնակցէր գրող, հրապարակախօս Քատիր Աքըն, օրուան հանդիսավարն էր «Ակօս» թերթի աշխատակիցներէն` Լորա Պայթար Չափար:

mousadagh-3

Յուլիս 10-ին, Վաքըֆլը գիւղին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումը, մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց տեղի հայ բնակիչներուն եւ շրջակայ գիւղերու արաբ բնակիչներուն մօտ: Ձեռնարկին ներկայ էին Հաթայի փոխ քաղաքապետ Մեհմեդ Եըլտըզ, տեմոքրաթիք խմբաւորման եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Արաբերէն, հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով ելոյթ ունեցող` Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն: Ան իր արաբերէն խօսքին մէջ ողջունեց հայ եւ արաբ ժողովուրդներու պատմական բարեկամութիւնը եւ համագործակցութիւնը:

Հայերէն լեզուով դիմեց Վաքըֆլըի հայ բնակչութեան ըսելով. «Ես պատիւը ունիմ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անդամ ըլլալուս եւ ինծի համար կրկնակի ուրախութիւն է իմանալ եւ ծանօթանալ, որ այս գիւղին մէջ կ’ապրին Փարամազ, Սապահ եւ Տխրունի անունները կրող հայազգիներ եւ ուրախ եմ անոնց թոռները եւ զաւակները ողջունելու այստեղ ներկաներուն մէջ»:

Օգտուելով առիթէն, Ընկ. Քէօշկէրեան հակիրճ ձեւով պատմեց Սարգիս Տխրունիի գործունէութեան, աքսորման եւ սպանութեան մասին: Ընկ. Քէօշկէրեան թրքերէն լեզուով արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ Անտիոքի շրջանի «ֆելլահ» հնչակեաններու մասին, ըսելով. «Աղասի Թուրսարգիսեան, որ կը նկատուի Կիլիկիոյ Հնչակեան Չէկեվարան, սերտ գործակցութիւն ունեցած է Անտիոքի արաբ ալեւիներուն հետ եւ վկայակոչելով Աղասիի «Մոռցուած Հերոսներ» գիրքը ըսաւ. «Այդ մեր ընկերներուն փոխադրած զէնքերուն շնորհիւ էր, որ 1915-ին Սուետիայի մեր հայերը 40 օր Մուսա լերան վրայ ամրացած դիմադրեցին Օսմանեան ջարդարարներուն եւ հասնելով ֆրանսական մարտանաւերուն կրցան փրկուիլ»:

Ապա, ընկերը մանրամասն պատմեց մուսալեռցիներու հերոսական դիմադրութեան մասին: Իր հերթին հրապարակախօս Քատիր Աքըն նշեց, որ «Նոր ցեղասպանութեան մը սեմին ենք: 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան նախորդող նոյն քաղաքական պայմանները կը տիրէ: Սակայն զոհը այս անգամ քիւրտ ժողովուրդը պիտի ըլլայ»: Ան աւելցուց. «Իսկապէս Իթթիհատի քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկուի, այս ուղղութեամբ Էրտողան կը փորձէ իր դիրքերը ամրացնել սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցով, երկիրը կը տանի դէպի բացարձակ մենատիրութիւն: Գիրքս գրած ժամանակ չէի կարծեր, որ Թուրքիոյ մէջ նոր ցեղասպանութիւն մը կրնայ ըլլալ, սակայն գիրքը գրելէս վերջ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նախորդող պայմաններուն ծաօնաթանալէս ետք կ’ըսեմ որ Թուրքիա նոր ցեղասպանութեան մը սեմին է»:

Վաքըֆլըի մէջ Ընկ. Քէօշկէրեանը դիմաւորեցին եւ հիւրընկալեցին տեղի քաղաքապետ Պերճ Գարթունը, թաղական խորհուրդի ատենապետ` Ճէմ Չաբար (Բէնէնեան) եւ գիւղի «գոբերաթիւի» նախագահ Պետրոս Քէհեաօղլուն (Շիշմանեան) եւ ուրիշներ, ժամեր տեւող զրոյցներու ընթացքին, ընկերը մանրամասն ծանօթացաւ այնտեղի հայերու ապրելակերպին եւ դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ այս վերջին տարիներուն իրենց արձանագրած նուաճումներուն:

Յատկանշական էր զրուցակիցներէն մէկուն խօսքը, որ ըսաւ. «Ընկ. Ալէք դիւրին չէ այստեղ հայ ապրիլը, բայց մենք մինչեւ վերջ պիտի պայքարինք գոյատեւելու համար:

Ողջոյն եւ յարգանք Մուսա լերան ժառանգորդներուն, հողին կառչած մնալու անկոտրում կամքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment