Categories CommentaryFeatured

Հարցադրումներ Հայաստանի Անկախութեան Քսանամեակին առթիւ

Յարութ Տէր Դաւիթեան

Եթէ ամեակները, անհատական թէ պետական առումով, պատեհ առիթներ են յետադարձ ակնարկ մը նետելու անցած ուղիին վրայ եւ գնահատումներ կատարելու, ուրեմն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան քսանամեակի նախօրեակին, յարմար կը գտնենք մեր այս խորհրդածութիւնները բաժնելու մեր ընթերցողներուն հետ:

Անցնող քսան տարիներու ընթացքին, գլխաւոր ի՞նչ յաջողութիւններու հասանք եւ ի՞նչ թերացումներ ունեցանք:

Մեր պատմութեան մէջ ԱՌԱՋԻՆ անգամ ըլլալով, ժողովրդային քուէարկութեամբ ծնունդ տուինք անկախ պետականութեան մը: Այդ պետութիւնը միջազգային ճանաչում ստանալով, դարձաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան անդամ:

387 թուին, Արշակունեաց անկախ պետականութեան Պարսկական եւ Բիւզանդական կայսրութեանց միջեւ բաժանումէն ի վեր, ԱՌԱՋԻՆ անգամ ըլլալով հայրենի հողատարածք ազատագրեցինք եւ հայկական գերիշխանութեան ենթակայ մեր հողային սահմանները ընդարձակեցինք Արցախեան հերոսամարտով:

Յոյժ կարեւոր ձեռքբերումներու այս կարճ շարքը դժբախտաբար կանգ առաւ: Հողահաւաքը դժբախտաբար չի զուգորդուեցաւ հայահաւաքով: Ընդհակառակը, տեղի ունեցաւ ցրւում, սփռում աշխարհի չորս կողմերը: 1920էն 1990 երկարող եօթանասուն տարիներու ընթացքին, 700,000 բնակչութիւնէն մինչեւ 4,000,000 աճած մեր հայրենաբնակ ժողովուրդը, անցնող քսան տարիներու ընթացքին մէկ երրորդով կոտորակուեցաւ: Ի՞նչ են պատճառները: Ինչո՞ւ, օրինակ, Իսրայէլի նման պետութեան մը համար կարելի դարձաւ անկախութեան առաջին քսան տարիներուն, իր հրեայ բնակչութեան թիւը ԵՌԱՊԱՏԿԵԼ, 800,000ը հասցնելով 2,400,000ի, մինչ Հայաստանի պարագային ԿՈՏՈՐԱԿՈՒԵՑԱՒ մէկ երրորդով: Ինչու՞ Իսրայէլի համար կարելի կը դառնայ Պաղեստինեան գրաւեալ հողերու վրայ իսկ վերաբնակեցնել իր քաղաքացիները, մինչ մենք ոչ միայն չենք կրնար վերաբնակեցնել ազատագրուած Արցախը, այլ նոյնիսկ կ’արտագաղթենք հոնկէ: Որո՞նք են պատասխանատուները այս ազգային ոճրագործութեան մակարդակի հասնող արարքներուն: Խնդրեմ, մի՛ ըսէք թէ մեզի կը պակսին միջոցները: Արդեօ՞ք երկրի հարստութիւնը կողոպտած ու միլիառներ գերազանցող աւարներու տիրացած մեր պետական այրերն ու օլիկարխները որեւէ պատասխանատուութեան բաժին չունին ատոնց մէջ: Եւ մենք փոխանակ հաշի՛ւ պահանջելու անոնցմէ, խնճոյքներո՞վ կը դիմաւորենք զանոնք: Արժէքներու այս ի՜նչ անկում:

Ի՞նչու համար տարիներո՜վ ժողովուրդի երազած անկախ Հայաստանի բարձրագոյն պաշտօնին տիրացած անձը, պիտի չկարենայ համաժողովրդային տօնախմբութեան մթնոլորտի մէջ ընդունելու իր նախագահական երդումը, այլ զայն պիտի կատարէ փշալարերու ետին, ժողովուրդէն անջատուած վիճակի մէջ: Ի՞նչու համար նախագահի բարձրագոյն պաշտօնին տիրացած անձը, երբ կ’այցելէ սփիւռքահայ հայրենակարօտ գաղթօճախներ, պիտի չարժանանայ համաժողովրդային բարի գալուստի ցնծութեան, այլ պիտի դիմաւորուի բողոքի ցոյցերով եւ կամ ընտրովի, փոքրաքանակ ու մասամբ ակամայ «հիւրընկալներով»: Այս պատկերները փաստացի տուեալներ չե՞ն, որ անոնք կտրուած են ժողովուրդէն եւ չեն ներկայացնէր զանիկա: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ մեր ճակատագիրը յանձնեցինք այդպիսիներուն:

Այս վիճակի՞ն պիտի հասնէր այն անկախ Հայաստանը, որուն տարիներո՜վ երազած էինք: Խնդրեմ, մի՛ ըսէք Սփիւռքի նախարարուհիին նման, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատանի է, ուստի եւ սխալներ գործելու ենթակայ: Եթէ մեր պետական ղեկավարները միայն պատանեկան հասունութեան տէր անձինք են, ապա նախարարուհին իրաւունք կրնայ ունենալ: Բայց կը կասկածինք որ այդպէս է, թէեւ քիչ ալ չէ Ազգային Ժողովէն ներս մականունաւորներու եւ գրագիտութեան կարօտներու ներկայութիւնը: Երբ մենք ազգովին կը հպարտանանք հազարամեակներու պատմութիւն եւ մշակոյթ ունենալնուս համար, ուստի եւ արդար չէ՞, որ մեր պետական այրերէն ակնկալենք համապատասխան գիտակցութիւն եւ վարք: Այս ի՜նչ օրերու ինկանք:

Կա՞յ արդեօք հայ մը, որ հանգիստ կը զգայ անցնող քսան տարիներու ընթացքին Հայաստանի ազգաբնակչութեան թիւի, արդարադատութեան համակարգի, մարդկային իրաւունքներու, սոցիալական ապահովութեան, տնտեսական մրցակցութեան եւ այլ մարզերու «զարգացումներուն» ի տես: Ոեւէ խղճամիտ ու ազգասէր հայի համար, անկարելի պիտի ըլլայ հանգիստ խղճով պատասխանել այս հարցումին, առանց մտահոգութեան եւ ընդվզումի: Ու՞ր կ’երթանք:

Այս ընթացքով ոչ միայն ի դերեւ կու գան ապագայ հողահաւաքի մեր յոյսերը, այլ նաեւ վտանգուած կ’ըլլան մեր վերեւ նշած մեծարժէք յաջողութիւնները՝ մեր անկախ պետականութիւնն ու Արցախեան հերոսամարտով ազատագրուած հողերը: Ժամանակը եկած չէ՞ վերականգնելու 88ի ոգին, կասեցնելու այս գահավէժ ընթացքը եւ Չարենցեան պատգամի հետեւութեամբ, ապահովելու մեր փրկութիւնը: Ո՞ր օրուան կը սպասենք:

MassisPost

Share
Published by
MassisPost

Recent Posts

US Congressman Henry Cuellar Indicted for Accepting Bribes from Azerbaijan

WASHINGTON, DC -- Democratic Rep. Henry Cuellar of Texas and his wife have been charged…

2 days ago

Armenian Church Western Diocese Announces Inauguration of the Dr. Harry Demirgian Memorial Scholarship

BURBANK -- The Western Diocese of the Armenian Church of North America has announced the…

2 days ago

Armenia Improves to 43rd Place in 2024 World Press Freedom Index

PARIS -- Armenia ranks 43rd (up from 49th last year) in the 2024 World Press Freedom…

2 days ago

The Paros Foundation Hosts Fundraiser Benefiting the Nor Hachen Polyclinic

ATWATER VILLAGE, CA. - On April 28, 2024, the Med-Aid Armenia 2nd Annual Fundraiser was…

3 days ago

Armenia and U.S. Extend Cooperation Agreement on Countering Proliferation of Weapons of Mass Destruction

YEREVAN -- Armenian Defense Minister Suren Papikyan and U.S. Ambassador to Armenia Kristina Kvien signed…

3 days ago

Secretary of State Blinken is Personally Engaged in Resolving Conflict Between Armenia and Azerbaijan: Patel

WASHINGTON, DC -- US Secretary of State Antony Blinken is personally deeply engaged on the…

4 days ago