Աւատապետական Հայաստանի Արհաւիրքը

Յարութ Տէր Դաւիթեան

2009 թուականի Հոկտեմբերի սկիզբին Սերժ Սարգսեան այցելեց Լոս Անճելըս, Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններու կապակցութեամբ համայնքիս կարծիքը իբրեւ թէ իմանալու համար: Այդ այցելութեան առթիւ կազմակերպուած/բեմադրուած ցոյցին «Սերժիկ դաւաճան» եւ նմանատիպ մեծկակ պաստառներու կողքին, մեր պարզած «Ժողովրդավարութիւն, ո’չ թէ Աւատապետութիւն» համեստ ցուցանակը օրին անտեղի թուեցաւ: Մարդիկ այնքա՜ն քրքրուած էին Սարգսեանի Ֆութպոլային դիւանագիտական խաղերով եւ Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններով, որ չէին նկատէր, որ այդպիսով ան կը յաջողէր երկարաձգել կեղծիքներով գրաւած իր իշխանութիւնը եւ բոլորի մտասեւեռումը վանել ժողովրդավար հասարակարգի մը ստեղծման անհրաժեշտութեան պայքարէն: Պայքար, որ մեր հաստատ համոզումով, մեր մեծագոյն առաջնահերթութիւնն է եւ ամենէն արդիւնաւէտ լուծումը, կասեցնելու կործանման ուղիի վրայ գտնուող Հայաստանի գահավէժ ընթացքը:

Կասկած չկայ, որ Հոկտեմբեր 27, 1999ի կործանարար դաւադրութիւնէն ի վեր Հայաստանի մէջ հետզհետէ հաստատուեցաւ աւատապետական դրութիւն մը: Ռոպերթ Քոչարեանի նման կիսագրագէտ ու գոռոզ անձի մը իշխանութեան գրաւումով, սկսաւ իր նմաններու ղեկավար դիրքերու գրաւումը: Երբ անարժան մարդիկ կը հասնին բարձր դիրքերու, անոնք կը նախընտրեն իրենց շուրջը հաւաքել իրենց ենթակայ կամակոր մարդիկ, որպէս զի աւելի հեշտ ըլլայ զանոնք ղեկավարելը: Այսպիսով իշխանական բուրգը հետզհետէ համալրուեցաւ այդ տիպարներով ու … «լաւագոյն տղերքը հեռացան», որովհետեւ արժեչափը ո’չ ազգասիրութիւնն էր եւ ո’չ ալ գիտութիւնն ու իմաստութիւնը, այլ՝ անձնական կապերը եւ «իրարու հացին իւղ քսելը»:

Քոչարեանի իշխանութեան գալը եւ Հայաստանի այս գահավիժումը դէպի աւատապետութիւն, չէր կրնար իրագործուիլ առանց արտաքին օժանդակութեան, որ այս պարագային Ռուսիան էր, որը Պուտինի օրով նմանօրինակ գործընթաց մը կը բոլորէր: Ռուսիան, Հայաստանի իր դրածոներով, «գոյք՝ պարտքի դիմաց» եւ նմանօրինակ ձեւակերպութիւններով, իր ամբողջական տիրապետութեան կ’ենթարկէր Հայաստանը, խափանելով անոր անկախ պետականութեան ամրակայման ձգտող քայլերը: Չենք կրնար չտարուիլ զուգահեռ մը անցընելու, Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ բուսած Հայաստանի օլիկարխ աւատապետերուն եւ Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքի՝ Պոլսոյ հայ ամիրայական դասակարգի միջեւ: Առաջինը՝ միայն իր շահերուն հետամուտ, մենաշնորհներու հաստատումով կը հարստահարէ սեփական երկրի ժողովուրդը, պատճառ դառնալով գործազրկութեան, գիւղերու դատարկման եւ ազգաբնակչութեան հայրենիքէն հեռացման: Իսկ երկրորդը՝ դարձեալ միայն իր շահերուն հետամուտ, կ’անտեսէր հայկական գաւառներու թշուառ դրութիւնը, պատճառ դառնալով անոնց դատարկման եւ գաղթականութեան աճին: Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը չխնայեց ոչ ամիրաները, ոչ պարզ ժողովուրդը եւ ոչ ալ մեր պատմական հայրենիքի հողատարածքը: Պէտք չունինք սպասելու Համաշխարհային Պատերազմի մը, համոզուելու համար, որ նմանօրինակ ճակատագրի մըն ալ մենք ենթակայ ենք այսօր:

Աւատապետական դրութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ, կը շարունակէ ունենալ իր կործանարար հետեւանքները ազգաբնակչութեան դատարկման, «ուղեղներու արտահոսք»ի, ժողովրդային լայն խաւերու աղքատացման, հարուստի եւ աղքատի միջեւ խրամատի ընդլայնման, արդարադատութեան խեղճացման, օրէնքներու քմահաճ ոտնահարման, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի հոգեբանական վիճակի անկման եւ Իսահակեանի գուշակած «ոգու սով»ի տարածման գծով: Գոյացած է յուսալքուածներու եւ անիրաւութեանց դէմ պայքարը անօգուտ համարողներու խաւ մը, որ ստրկական հոգեբանութեամբ կը հետեւի հայկական մէկ ասացուածքին՝ «այն ձեռքը որ չես կրնար կտրել, համբուրէ եւ ճակտիդ դիր»: Այս խաւը երբ կը տեսնէ, որ աշխարհական թէ կղերական աւատապետներ, Խորենացիի բնութագրումով՝ «հաւատքը կը ծախեն այս ունայն կեանքի համար», արդարացուցիչ կը գտնէ ամէն ինչ առուծախի հանելու իր ստրկամտութիւնը:

Բարեբախտաբար գոյացած է նաեւ խաւ մը, որ վերահասու մեզի սպասուող աղէտներուն, կը ջանայ ծառանալ տիրող աւատապետական դրութեան դէմ, որու վերացումով միայն կարելի պիտի ըլլայ կանխել գալիք հաւանական արհաւիրքները: Այդ խաւը կը գիտակցի, որ երկրի վիճակի բարելաւումը չի կրնար գալ լոկ մէկ աւատապետը ուրիշով մը փոխարինելով: Անհատներէն անդին աւելի հրամայական է համակարգային փոփոխութիւնը, ժողովուրդի մտայնութեան եւ հոգեբանական վիճակի փոփոխութիւնը: Այդ խաւը կը գիտակցի, որ որքան տարածուն է երկրէն ներս ժողովրդավարութեան հիմքը, այնքան ամուր է երկրի դիրքը, այնքան երաշխաւորուած է երկրի բնակչութեան արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իրաւունքն ու ապագան, որովհետեւ երկիրը կախեալ չէ միայն մի քանի անձերէ, որոնք կարելի է կաշառել, խեղճացնել եւ կամ նոյնիսկ սպաննել: Այդ խաւը կը գիտակցի, որ փոխանակ մեր փրկութիւնը անհատներէ յուսալու, մենք պէտք է զարկ տանք ժողովուրդի մտայնութեան մէջ Չարենցեան պատգամի ամրապնդման՝ հաւաքական ուժի գոյառման: Այդ խաւը կը գիտակցի, որ երազատեսութիւն է ակնկալել արեան հեղմամբ իշխանութիւնը զաւթողներէն, Հոկտեմբեր 27 եւ Մարտ 1 դաւադրողներէն, որ վեհանձնութիւնը ունենան յարգելու սահմանադրական միջոցներով իրագործուող իշխանափոխութիւն մը: Համատարած անարդարութիւնը կարելի է սրբագրել միայն համատարած ընդվզումով: Համատարած պայքար եւ ընդվզում, յանուն ժողովրդավար Հայաստանի գոյառման:

MassisPost

Share
Published by
MassisPost

Recent Posts

H. Hovnanian Family Foundation Awards $221,000 to Strengthen Armenia’s Arts and Culture Sector

YEREVAN — While Armenia boasts a vibrant artistic landscape, its cultural sector faces persistent structural…

5 hours ago

Continued Detention of 19 Armenians Remains an Urgent Humanitarian Issue, Armenia’s UN Representative Says

NEW YORK -- Armenia’s Permanent Representative to the United Nations, Paruyr Hovhannisyan, has reaffirmed Armenia’s…

1 day ago

Armenian Government Members Take Oath of Office in Presidential Ceremony

YEREVAN -- A swearing-in ceremony for members of the Armenian government was held at the…

1 day ago

The Cost of Indulging Aliyev

By BERGE JOLOLIAN Ilham Aliyev has an unusual way of explaining his commitment to peace.…

1 day ago

Armenia Wins First Medal of Excellence at WorldSkills Shanghai 2026

SHANGHAI  -- Armenia has earned its first-ever Medal of Excellence at the WorldSkills International competition,…

2 days ago

TRIPP Has Entered Implementation Phase, Groundbreaking Possible in Early 2027, Armenian Ambassador Says

YEREVAN  -- The Trump Route for International Peace and Prosperity (TRIPP) has advanced to the…

2 days ago