Categories CommunityNews

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ՅԻՇԵՑՈՒՑ ՉՄՈՌՆԱԼ ԵՒ ՅԱՐԳԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Լիբանանահայութիւնը իր քաղաքական բոլոր հոսանքներով մասնակցեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի Լիբանան կատարած այցելութեան առիթով հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին մէջ կազմակերպուած բողոքի հաւաքին
Լիբանանի տարբեր շրջաններէն, Պէյրութի արուարձաններէն բազմահազար հայորդիներ, լիբանանեան դրօշներով, պաստառներով բոլորուեցան Նահատակաց հրապարակի յուշարձանին շուրջ:
Հաւաքին ներկայ գտնուեցան պետական նախարարներ` Ժան Օղասապեան եւ Աբրահամ Տէտէեան, խորհրդարանի անդամներ` ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան, Յակոբ Բագրատունի, մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, Արթուր Նազարեան, Լիբանանի թեմի բարեջան Առաջնորդ` Գեղամ արք. Խաչերեան, Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու նախագահ վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան, Գերապայծառ Վարդան Աշգարեան, Վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու, մարզական, բարեսիրական, մշակութային, երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ:
Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք Սարօ Թոնթեան հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով կատարեց հանդսութեան բացման խօսքը եւ ըսաւ. “Այսօր խուռներամ շարքերով հաւաքուած ենք Լիբանանի Նահատակաց հրապարակին վրայ որպէսզի բարձրաձայն ո°չ գոռանք օսմանեան ցեղասպանին անմիջական ժառանգորդը հանդիսացող` այսօրուան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն անբարոյ ոտնձգութիւններուն դէմ: 6 Մայիս 1916-ին այստեղ կախաղան բարձրացած համայն Լիբանանի նահատակներու յուշարձանին շուրջ եկած ենք մեր լիբանանցի հայրենակիցներուն յիշեցնելու, թէ արիւնարբու օսմանեան բռնատիրութիւնը հարիւր հազարաւոր զոհեր խլած է Մայրիներու երկիր Լիբանանէն”:
Յանուն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան խօսք առաւ ընկ. Ալեք Քէօշկէրեան: Ան ըսաւ թէ` ժողովուրդներու պատմութիւնը դէպքերու եւ իրադարձութիւններու խտացում մըն է: Ոմանք շատ սուղ վճարած են պատմութեան գինը` իրենց նահատակներուն արեամբ:”Այսօր հաւաքուած ենք Նահատակաց հրապարակին մէջ լիբանանեան հայրենիքի մեր հայրենակիցներուն ահազանգ հնչեցնելու Լիբանանին սպառնացող օսմանեան նոր բռնատիրութեան նկրտումներէն”: Ընկ. Քէօշկերեան նշեց պատմութեան այն հանգրուանները ուր Լիբանան եւ Միջին Արեւելքի այլ ժողովուրդներ շատ ծանր վճարած են օսմանեան բռնատիրութեան լուծին տակ: Ան ըսաւ թէ Թուրքիոյ պատմութիւնը լեցուն է ոճիրներու, ցեղային զտումներու, բնաջնջումներու եւ վերջապէս ցեղասպանութեան դէպքերով: Ան ըսաւ, որ նախընտրելի պիտի ըլլար եթէ Թուրքիոյ վարչապետը իր այցելութիւնը սկսէր Նահատակաց հրապարակէն` ծաղկեպսակ մը զետեղելով Լիբանանի նահատակներուն յուշարձանին առջեւ: Ընկեր Քէօշկերեան զգուշացուց, որ այսօրուան Թուրքիան կը մնայ միեւնոյնը£ Այսինքն Իսրայէլի ռազմավարական դաշնակիցը եւ արաբական իրաւունքները ոտնակոխ դարձնող պետութիւնը:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան խօսքը փոխանցեց տոքթ. Մարտիկ Աւետիքեան: Ան նշեց, թէ Թուրքիոյ պատմութիւնը լեցուն է ոճիրներով եւ ժողովուրդներու տեղահանութիւններով: Տոքթ. Աւետիքեան լիբանանցի ժողովուրդին վերյիշեցուց 20-րդ դարու սկիզբը լիբանանեան հայրենիքի կրած ծանր տառապանքը օսմանեան բռնատիրութեան օրերուն: Ան ըսաւ, թէ` Նահատակաց հրապարակը որուն մէջ տեղի կ’ունենայ այսօրուան հաւաքը կառուցուած է օսմանեան բռնատիրութեան օրերուն լիբանանցի նահատակներուն յիշատակին:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խօսքը փոխանցեց Աւետիս Կիտանեան: Ան ըսաւ, որ ժողովուրդներ իրաւունք չունին մոռնալու իրենց անցեալը եւ ցաւ յայտնեց, որ ոմանք սկսած ենք մոռնալ Լիբանանի պատմութեան տխուր էջերը: Աւօ Կիտանեան հարց տուաւ ինչպէ~ս կարելի է մոռնալ բազմաթիւ առիթներով Լիբանան ներխուժող, Լիբանանը քանդող, Կազա ներխուժող եւ Կազայի մանուկներուն դժբախտութեան պատճառ դարձող Իսրայէլի դաշնակից այսօրուան Թուրքիան:
Կիտանեան մերժեց ձեռք մեկնել հայ, յոյն, կիպրացի, քիւրտ եւ արաբ ժողովուրդներուն իրաւունքներուն տիրացող Թուրքիոյ: Ան անընդունելի գտաւ ձեռք մեկնել արիւնարբու Ճամալ փաշայի թոռնիկ Էրտողանին եւ պահանջեց որ Թուրքիոյ վարչապետը եւ թրքական իշխանութիւնները պաշտօնապէս ճանչնան պատմութեան մէջ գործած իրենց յանցագործութիւնները եւ վերադարձնեն ու հատուցեն իրենց բռնախլած հողերը եւ ժողովուրդներուն իրաւունքները”
Ժողովրդային հաւաքին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի թեմի բարեջան Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան£ Ան նշեց, թէ լիբանանահայերը այսօր կանգնած են այն հողին վրայ ուր անոր զաւակները հարիւր տարի առաջ իրենց կեանքի գնով պաշտպանեցին լիբանանեան հայրենիքը: “Կանգնած ենք աշխարհի բոլոր երկիրներէն պահանջելու ճանչնալ այն ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ իրենց աչքին առջեւ եւ պատմութեան մէջ ճանչցուած է իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն: Կանգնած ենք միջազգային ընտանիքէն պահանջելու, որ ցեղասպանը մինչեւ այսօր ամենայոռի եղանակներով կը փորձէ խեղաթիւրել պատմական ճշմարտութիւնը”: Առաջնորդ սրբազանը հարց տուաւ, թէ ինչպէս կարելի է մոռնալ այս ցաւը երբ ցեղասպանը կþուրանայ իր յանցագործութիւնը:
Ան հարցուց արդեօ~ք ժողովրդավարութեան անունով կարելի է ծածկել գործուած ոճիր մը կամ ուրանալ արդարութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանը նաեւ դիտել տուաւ, թէ պատմութեան ընթացքին թուրքերը հայ ժողովուրդի կողքին ասորի, յոյն, կիպրացի եւ պուլկար ժողովուրդներուն նոյնպէս ենթարկած են ցեղային զտման եւ բնաջնջման եւ աւելցուց. “Արդեօ~ք պաղեստինցին պիտի ուրանայ այն ինչ որ կատարած է սիոնական պետութիւնը”:
Առաջնորդ սրբազանին եզրափակիչ խօսքէն ետք Էրտողանի Լիբանան կատարած այցելութեան դէմ լիբանանահայ քաղաքական կուսակցութիւններու հաւաքը փակուեցաւ Սարդարապատ հերոսապատումի երգով:

MassisPost

Share
Published by
MassisPost

Recent Posts

Secretary of State Blinken is Personally Engaged in Resolving Conflict Between Armenia and Azerbaijan: Patel

WASHINGTON, DC -- US Secretary of State Antony Blinken is personally deeply engaged on the…

13 hours ago

PM Nikol Pashinyan’s Message on International Labor Day

YEREVAN (Armradio) -- Poverty can be overcome only by work, combined with education and improvement…

15 hours ago

Momentum for the Establishment of Lasting Peace is Real- Armenian Foreign Minister’s Interview to Al-Jazeera

DOHA -- During his official visit to the State of Qatar on April 28-29, Minister…

1 day ago

Hungary Blocking EU Military Aid to Armenia

YEREVAN -- Hungary is blocking the European Union from providing modest military assistance to Armenia,…

1 day ago

Agreement Signed on Construction of World Trade Center in Yerevan

YEREVAN -- Armenian Economy Minister Gevorg Papoyan on behalf of the government and CEO of…

2 days ago

Natalie Qasabian and Sev Ohanian to Establish Filmmaking Scholarship Endowment

LOS ANGELES, CA — Armenian Educational Foundation (AEF) proudly announces the establishment of a new…

2 days ago