Արմաշ Սրբազանը յատկապէս Լոս Անճելոս ժամանած էր Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով եւ իր մասնակցութիւնը բերած առաջնորդանիստ Սուրբ Ղեւոնդ Մայր տաճարի օծման արարողութեանց:
Ի պատիւ Արմաշ Եպիսկոպոսի եղած սոյն ընդունելութեան ներկայ էին Ս.Դ.Հ.Կ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճէմեան, նոյն վարչութեան անդամներ` Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան, Վազգէն Գալթագճեան, ինչպէս նաեւ շրջանիս Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ Մարմնի, Հ.Մ.Մ.ի, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ այլ կառոյցներու պատասխանատու ղեկավարներ, խմբագիրներ եւ խումբ մը նախկին դամասկահայեր:
Հ.Կ.Բ.Մ.ի անունով Արմաշ Սրբազանի ներկայութիւնը ողջունեց «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմէն Գաբրիէլ Մոլոյեան : Ան Դամասկահայ գաղութն ու տեղւոյն Ս. Սարգիս եկեղեցին, իր յարակից կազմակերպութիւններով, նմանցուց փոքր միջնաբերդի մը, ուրկէ ներս կը թեւածէ հայատրոփ աշխոյժ կեանք մը:
Իր հերթին խօսք առաւ երիտասարդ առաջնորդ Գերշ. Արմաշ Սրբազան: Ան խանդավառ լուրեր հաղորդեց Դամասկոսի հայ գաղութի ազգային եւ եկեղեցական կեանքի մասին: Իմացանք որ գաղութն ունի շուրջ 6700 բնակիչ: Հոն կը գործեն հայ երեք յարանուանութեանց պատկանող եկեղեցիներ, վեց դպրոցներ եւ մարզական, մշակութային, հայրենակցական ու հասարակական այլ կազմակերպութիւններ: Առաջնորդարանը սերտ յարաբերութիւններու մէջ է այլ յարանուանութիւններու եւ պետական կառոյցներու հետ : Մեծ ընդունելութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետի Դամասկոս տուած պաշտօնական այցելութիւնը, զոր կատարած էր ընդառաջելով Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Էլ Ասատի հրաւէրին: Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւնը մեծ ոգեւրութիւն ստեղծած էր նաեւ դամասկահայ գաղութէն ներս: Այս առթիւ իմացանք որ Դամասկոսի ազգային Թարգմանչաց վարժարանը որոշուած է վերածել երկրորդական վարժարանի: Այսպիսով նոր ոստում մը արձանագրուած կ`ըլլայ կրթական բնագաւառին մէջ: Այնուհետեւ Արմաշ Սրբազան օրհնեց օրուան ընթրիքը:
Ընդունելութեան ընթացքին հիւր եկեղեցականը մէկ առ մէկ այցելեց բոլոր սեղաները եւ մօտէն ծանօթացաւ ներկաներուն, միաժամանակ սիրով պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:
Երեկոյի աւարտին ելոյթ ունենալով Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Վազգէն Խոտանեան, Հ.Կ.Բ.Մ.ի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանին, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ իր եկեղեցանուէր ու ազգանուէր գործունէութեանց: Միաժամանակ` բարի վերադարձ իր հօտին:
Ներկաները լաւագոյն տպաւորութիւններով բաժնուեցան սրահէն, բարի ճանապարհ մաղթելով Արմաշ սրբազանին: