Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սա Հիանալի Պահ է Հայ Ժողովուրդի եւ Այս Երկրի Ժողովրդավարութեան Ոգիի Համար»․ ԱՄՆ Դեսպան

«Սա Հիանալի Պահ է Հայ Ժողովուրդի եւ Այս Երկրի Ժողովրդավարութեան Ոգիի Համար»․ ԱՄՆ Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիշարտ Միլսի կարծիքով ցուցարարներն ու հայ ժողովուրդը գովեստի խօսքի արժանի են խաղաղ, կանոնաւոր կերպով Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ փողոց դուրս գալու համար։

«Պէտք է գովեստով արտայայտուիմ նաեւ անվտանգութեան պաշտօնեաներու, կառավարութեան մասին, որոնք վերջին 11 օրերու ընթացքին մեծ զսպուածութիւն ցուցաբերեցին», – ըսած է դեսպանը:

Դեսպան Միլսը աւելացուցած է, որ այնուամենայնիւ եղած են արժանահաւատ հաղորդումներ ցուցարարներու, լրագրողներու դէմ բռնութիւններու մասին, եւ այդ դէպքերով պէտք է իրականացուի համապարփակ քննութիւն, իսկ մեղաւորները պէտք է պատժուին սահմանուած կարգով:

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Միլսը ճեպազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի արդէն նախկին վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին, նշելով, որ ան իրական առաջնորդի նման գործեց՝ լսելով Հայաստանի ժողովուրդի ձայնը եւ կայացնելով այդ բարդ որոշումը:

«Առաջիկայ օրերուն մենք կ’աշխատինք վարչապետի պաշտօնակատար պարոն Կարապետեանի հետ։ Բոլոր հայերու նպատակը հիմա պէտք է ըլլայ համախմբուած շարունակել երկխօսութիւնը, գալ ընդհանուր յայտարարի առաջիկայ քայլերու շուրջ։ Սա հիանալի պահ է հայ ժողովուրդի եւ այս երկրի ժողովրդավարութեան ոգիի համար», – իր խօսքը ամփոփած է դեսպանը։

Հայաստանի մէջ Եւրամիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Պյոտր Սվիտալսկին ընդգծած է, որ ԵՄ-ն այժմ եւս կարեւորած է այս գործընթացին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերու միջեւ երկխօսութիւնը՝ քաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու համար․ – «Եւրոպական միութիւնը կ’ըլլայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին այս ողջ գործընթացի ընթացքին»:

Անդրադառնալով ԵՄ-Հայաստան պայմանագիրին, նշած է, որ Հայաստանն ու Եւրամիութիւնը այժմ ծրագիր ունին եւ պէտք է աշխատին անոր իրականացման համար․ – «Վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ Հայաստանի ժողովուրդը շատ կը կարեւորէ այն բոլոր արժէքները, որոնք մեր համաձայնագիրի հիմքը կը կազմեն, այժմ աւելի ջանասիրաբար պէտք է աշխատինք անոր կէտերու իրականացման շուրջ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment