Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կ. Պոլսոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Միջոցառման 3 Անձ Ձերբակալուած է

Կ. Պոլսոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Միջոցառման 3 Անձ Ձերբակալուած է

by MassisPost

Հայկական պարբերակ «Ակօս»-ը յայտնած է, որ Կ. Պոլսոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառման ձերբակալուած են 3 անձեր՝ պաստառներու վրայ գրուած ցեղասպանութիւն բառի պատճառով:

Ոստիկանները տեղեկացուցած են, որ ձերբակալուածները ազատ պիտի արձակուին միջոցառման աւարտէն ետք:

Պոլսոյ մէջ շարք մը միջոցառումներ տեղի ունեցած են՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու, մասնակցութեամբ  շարք մը հայ, թուրք, քիւրտ, յոյն եւ այլ ազգի ներկայացուցիչ մտաւորականներ, աքթիւիսթներ, մշակոյթի գործիչներ, գիտնականներ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ:
genocide-istanbul
Կը նշուի, որ յիշատակի միջոցառում  իրականացուած է Պոլսոյ Սուլթանահմետ թաղամասին մէջ՝ Հայտարփաշա նաւու կայանի մօտ, ուրկէ 24 Ապրիլ 1915-ին բազմաթիւ  հայ մտաւորականներ ուղարկուեցան սպաննուելու:

Նոյն միջոցառման ժամանակ  յիշատակուած նաեւ 1915-ին սպաննուած յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու ներկայացուցիչ անմեղ զոհերը:

Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական կազմակերպութիւնը յիշատակի միջոցառում իրականացուցած է նաեւ Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի շրջանի հայկական գերեզմանատան՝ 7 տարի առաջ՝ 24 Ապրիլին, թրքական բանակին մէջ սպաննուած հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճըի գերեզմանի մօտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment