Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կրեմլը Յոյսով է որ Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Փոխհամաձայնութիւն կը Հաստատուի

Կրեմլը Յոյսով է որ Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Փոխհամաձայնութիւն կը Հաստատուի

by MassisPost

Կրեմլը յայտարարած է, թէ գոհ է, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը ապակայունացման ճանապարհով չ’ընթանար, եւ յոյս յայտնած է, որ կայունութիւնը կը պահպանուի եւ քաղաքական փոխհամաձայնութիւն կը հաստատուի:

«Այն, ինչ կը կատարուի Երեւանի մէջ, մեր հայ բարեկամներու, դաշնակիցներու ներքին գործն է», – յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:

«Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանի մէջ կը պահպանուի կարգուկանոնը, կայունութիւնը, եւ ամենամօտ ժամանակի մէջ ի յայտ կու գան հայ ժողովուրդը ներկայացնող ուժերու փոխհամաձայնութեամբ որոշուած քաղաքական ուրուագիծերը», – ըսած է Վլատիմիր Փութինի խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment