Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թեհրանի մէջ Հայերու եւ Ազերիներու Միջեւ Բախում Եղած է

Թեհրանի մէջ Հայերու եւ Ազերիներու Միջեւ Բախում Եղած է

by MassisPost

Թեհրանի մէջ բնակող խումբ մը հայեր 24 Ապրիլին բողոքի ցոյցեր կազմակերպած են Թուրքիոյ դէմ։

Մասնակիցները ունեցած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է «Մահ թուրքերուն», «Մահ Թուրքիոյ», «Թուրքիոյ դրօշի կարմիր գոյնը ցեղասպանութեան ժամանակ հայերու թափած արիւնն է»։

Ի պատասխան անոր՝ մօտակայքը գտնուող  ազերիները, իրենց հերթին,  բարձրացուցած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է «Ղարաբաղը մերն է, մերն ալ պիտի մնայ»։ Սակայն Իրանի ոստիկանութիւնը, համապատասխան միջոցներ ձեռնարկելով, շարք մը ազերիներ ձերբակալած է:

Աղբիւրը նշած է, որ ձերբակալուողները «Հարաւային Ատրպէյճանի ազգային զարթօնք շարժման»  ցուցարարներն են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment