Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Բազմաթիւ Հայ Մտաւորականներ ու Գործիչներ Ձերբակալուած եւ Ուղարկուած են Մահուան». Կարօ Փայլան

«Բազմաթիւ Հայ Մտաւորականներ ու Գործիչներ Ձերբակալուած եւ Ուղարկուած են Մահուան». Կարօ Փայլան

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը խորհրդարանի մէջ յատուկ ասուլիս կազմակերպած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ:

«1915 թուականին այս օրը՝ 24 Ապրիլին, բազմաթիւ հայ մտաւորականներ ու գործիչներ ձերբակալուած եւ ուղարկուած են մահուան: Ես 2016 թուականի 4 Նոյեմբերին նոյն զգացումները ունեցայ, երբ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուեցան իմ կուսակից շարք մը պատգամաւորներ: 24 Ապրիլին սպաննուածներէն Գրիգոր Զօհրապն ալ Մեճլիսի (խորհրդարան) պատգամաւոր էր:

Եւ երբ 2016-ի Նոյեմբերին ձերբակալուեցաւ Սելահաթթին Տեմիրթաշը՝ ես նոյն բանը կը զգայի»,- ըսած է Փայլանը:

«Յարգելի նախագահը արդէն 4-րդ տարին է՝ ցաւակցական ուղերձ կը յղէ հայ ժողովուրդին: Իսկապէս շնորհակալ եմ անոր, այդ ցաւը մեղմող հանգամանք է, իսկապէս շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ, այդ քաջութիւն պահանջող քայլ է: Սակայն այստեղ պարոն նախագահը տեղի ունեցածը իր անունով չի կոչեր: Տեսէք՝ ըսուած է «Առաջին համաշխարհային պատերազմի դժուարին ու բարդ պայմաններու մէջ մահացած Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի հայերու …»: Բայց իմ մեծ մայրը, իմ մեծ հայրը պատերազմի պատճառով չեն մահացած, պարո՛ն նախագահ: Իմ մեծ մայրն ու մեծ հարը զինուորներ չէին, անոնք արհեստաւոր էին, այգեգործներ, գիւղացիներ, ծերեր ու երեխաներ», – յայտնած է Փայլանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment