Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղած է Քաղաքացիութիւն Շնորհել Ցեղասպանութեան Զոհերու Ժառանգներուն

Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղած է Քաղաքացիութիւն Շնորհել Ցեղասպանութեան Զոհերու Ժառանգներուն

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամետ «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան օրինագիծ ներկայացուցած է ԹԱՄԺ եւ դիմելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ըրած է նախ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա քաղաքացիութիւն շնորհել ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն: Կարօ Փայլանը պահանջած է նաեւ դադրեցնել հասարակական վայրերը ցեղասպանութեան յանցագործներու անուններով կոչելու կիրառումը:

Փայլանը միջազգային ասպարէզէն օրինակներ  բերելով դիմած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն. «Օրինակ` Արժանթինը, որ երկար տարիներ կը հերքէր իր կատարածը ի վերջոյ ընդունեց: Փորթուկալը, Սպանիան եւ շարք մը այլ երկրներ քաղաքացիութիւն շնորհեցին անցեալին այդ երկիրներէն արտաքսուած հրեաներուն»:

«Ցեղասպանութենէն անցած է 103 տարի եւ այդ տարիներու ընթացքին ողջ մնացած հայերը պայքարած են արդարութեան վերականգնման համար: Ցեղասպանութենէն տուժած միլիոնաւոր հայեր մահացած են առանց վայելելու արդարութեան հասնելու զգացումը: Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պէտք է քննարկուի Թուրքիոյ մեճլիսի (խորհրդարան) մէջ եւ երբ այդ մէկը տեղի ունենայ այդ թեման կը դադրի քննարկուելէ այլ խորհրդարաններու մէջ»,- նշած է հայազգի պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment