Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ կը Յորդորէ Պահպանել Զգաստութիւնն ու Ողջախոհութիւնը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ կը Յորդորէ Պահպանել Զգաստութիւնն ու Ողջախոհութիւնը

by MassisPost

Երեւանի եւ Հայաստանի այլ բնակավայրերու մէջ վերջին օրերուն ծաւալած յուզիչ իրադարձութիւններու առընչութեամբ ուղերձով հանդէս եկած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին երկրորդը՝ բոլորին յորդորելով պահպանել զգաստութիւնն ու ողջախոհութիւնը:

«Մեր երկրի ու ժողովուրդի ներքին կեանքը վերջին օրերին ուղեկցւում է բուռն ու լարուած իրադարձութիւններով՝ կապուած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ընտրութեան հետ: Մեր մտահոգութիւնն ենք յայտնում ստեղծուած իրավիճակի առընչութեամբ, որ խաթարում է հանրային բնականոն կեանքի ընթացքը։ Իւրաքանչիւր հայորդի հայրենիքի հանդէպ սիրուց մղուած ունի իր տեսլականը, որի վերաբերեալ իր մօտեցումներն ու ընկալումները կարող է արտայայտել օրինական միջոցներով՝ ազատօրէն իրացնելով իր քաղաքացիական իրաւունքները:

Սակայն դա երբեք չի ենթադրում սիրոյ եւ ողջամտութեան նահանջ, այլոց իրաւունքների ոտնահարում, առաւել եւս՝ մարդկանց կեանքի վտանգում: Մեր ժողովուրդի եւ մեր Սուրբ Եկեղեցու զաւակներն են ե’ւ ցուցարարների, ե’ւ իրաւապահների շարքերում: Անընդունելի եւ անթոյլատրելի են ատելութեան եւ թշնամանքի հրահրումը եւ որեւէ տեսակի ընդհարում ու բռնութեան գործադրում: Յորդոր ենք ուղղում Մեր ժողովուրդի զաւակներին` կոչ անելով պահպանելու զգաստութիւնն ու ողջախոհութիւնը, հայրենասիրութեան մէջ օրինայարգութիւնը եւ խաղաղութեան նախանձախնդրութիւնը՝ ցուցաբերելով միմեանց հանդէպ յարգանք եւ ներողամտութիւն»,- մասնաւորապէս, նշուած է կաթողիկոսի ուղերձի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment