Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փշալարերու Երկու Կողմերը

Փշալարերու Երկու Կողմերը

by MassisPost

Դարձեալ փշալարեր տեղադրուած են Երեւանի հրապարակներուն վրայ:

Փշալարերու այն կողմը իշխանութիւնն է` իր վարչապետով, Խորհրդարանի աթոռները գրաւած օլիկարխներով, պետութեան հաշւոյն օրըստօրէ աւելի հարստացող պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներով:

Փշալարերու  այս  կողմը կանգնած է Հայաստանի ժողովուրդը: Այն ժողովուրդը, որու մէկ երրորդը կ’ապրի աղքատութեան եզրին: Այն ժողովուրդը, որ իր միակ  փրկութիւնը կը տեսնէ հայրենիքէն  հեռանալու եւ ալ ափերու վրայ իր զաւակներու ապագան փնտռելու մէջ: Այն ժողովուրդը, որ քսան տարիներէ ի վեր կը փորձէ ձերբազատուիլ զինք կեղեքող ու նուաստացնող  իշխանաւորներէն:

Փշալարերու այն կողմը գտնուողներու ծրագիրները սխալ դուրս եկան, երբ կարծելով թէ սահմանադրութիւն  փոխելով, ընտրութիւններ կեղծելով ու խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն ունենալով,  սահուն եւ առանց ցնցումներու կրնան երկարաձգել իրենց քսանամեայ իշխանութիւնը:

Անակնկալի եկան նաեւ փշալարերու այս կողմը գտնուողները, մտածելով թէ ժողովուրդը յոգնած է բողոքելէ, հաշտուած է տիրող իրավիճակին հետ  եւ պատրաստ չէ փողոց դուրս գալու եւ հերթական անգամ մատնուելու յուսախաբութեան:

Սակայն,  այս անգամ փողոց դուրս եկած է Հայաստանի նոր սերունդը` իր ուսանողութեամբ  ու երիտասարդութեամբ, դառնալով այս  նորագոյն ընդվզումի մղիչ ուժը,  տասնեակ հազարներով ողողելով Հանրապետութեան հրապարակը,  փակելով մայրաքաղաքի ճանապարհները, կաթուածահար ընելով  իրենց սիրած մայրաքաղաքը,  ու անոնք այս ծայրայեղ քայլերուն  կը դիմեն իրենց Հայրենիքին մէջ  արժանապատիւ կեանք ու ապագայ կերտելու վեհ ձգտումով:

Թէ ինչպէս  կ’աւարտի հերթական  բողոքի այս ալիքը, դժուար է այժմ կռահել: Ապաւինելով ժողովուրդի նեցուկին, Երիտասարդութիւնը պիտի փորձէ խաղաղ միջոցներով փոփոխութիւններու հասնիլ:  Իշխանութիւնը չունի ժողովրդային յենարան, բայց իր զինանոցին մէջ միշտ ունի բռնի միջոցներ կիրարելու  կարողութիւնը:

Իշխանութիւններուն կը մնայ եզրակացութիւններ ընել վերացնելու համար ժողովուրդի եւ իր միջեւ գոյութիւն ունեցող իսկական ու փոխաբերական առումներով բազմաթիւ փշալարերը: Եւ այդ  որքան  շուտ, այդքան լաւ  մեր երկրի ու ժողովուրդի համար:

Մինչ այդ, մենք կը մնանք փշալարերու այս կողմը:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment