Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Սուրիոյ Վիճակը կը Մնայ… Բարդ ու Վտանգաւոր

Սուրիոյ Վիճակը կը Մնայ… Բարդ ու Վտանգաւոր

by MassisPost

Վերջին տարիներուն Սուրիոյ պատերազմական պայմաններու հետեւանքով, Սուրիահայ մեր Մայր գաղութի ընկերատնտեսական վիճակի դժուարութիւնները, անմիջական զօրակոչի ենթարկեց համայն հայութիւնը եւ յատկապէս Լոս Անճելոսի մէջ ապրող մեր նուիրուած հայորդիներն ու բարերարները, որոնց նիւթաբարոյական անյապաղ զօրակցութիւնը, անցեալ տարիներուն, բալասան դարձաւ Սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ամենօրեայ գոյապայքարի դաժան պայմաններու թեթեւացման :

ՍԱՐՖի Օժանդակութեան եւ Վերականգնումի Միացեալ Մարմինս, հետամուտ ըլլալով քաղաքական վերջին անցուդարձերուն եւ պատերազմական տրամադրութիւններուն, յատկապէս Սուրիոյ դէմ ուղուած, այսօր անգամ մը եւս, կը յայտարարէ զգօն ըլլալ տուեալ պայմաններու հետեւանքով, խուճապի մէջ մատնուելու՝ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներու, մասամբ խաղաղ առօրեան, որովհետեւ ակնյայտ է բոլորիս համար, թէ տարիներ առաջ թափ առած դաժան պատերազմը իր աւարտին չէ հասած տակաւին, այլ կրնայ անսպասելիօրէն անգամ մը եւս մտահոգել մեր ժողովուրդի մասամբ խաղաղ առօրեան:

Հետեւեցէ՛ք ՍԱՐՖի յայտարարութիւններուն լրագրով եւ կամ դիմատետրի (Face Book)ի տեղեկութիւններով, տարուելիք աշխատանքներուն, ծրագիրներուն եւ դրամահաւաքի աշխատանքներուն, որպէսզի միասնաբար զօրակցինք ու ձեռք երկարենք Սուրիահայ մեր Մայր գաղութի, ըստ կարիքի, ապահով բարեկարգման:

ՍԱՐՖի Օժանդակութեան եւ Վերականգնումի
Միացեալ Գործադիր Մարմին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment