Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը Միաձայն Վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրամիութիւն Համաձայնագիրը

Ազգային Ժողովը Միաձայն Վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրամիութիւն Համաձայնագիրը

by MassisPost

Ազգային ժողովը միաձայն՝ 95 կողմ ձայնով ընդունեց Հայաստան-Եւրամիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման մասին օրինագիծը:

Հարցը, խորհրդարանի լիագումար նիստին քննարկուած էր նախօրէին:

Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիրը Հայաստանը եւ Եւրամիութիւնը ստորագրած են 24 Նոյեմբերի 2017 թուականին, Պրիւսէլի մէջ՝ ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին:
«Իր տեսակի մէջ այս կարեւոր փաստաթուղթը նոր էջ է բացել ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններում: Պէտք է անել հնարաւորը՝ համաձայնագիրի արդիւնաւէտ իրագործման ու դրա ընձեռած բոլոր հնարաւորութիւնները ճիշդ կիրառելու համար:

Շարունակելու ենք աշխատել բոլոր ուղղութիւններով՝ ի շահ այն ընդհանուր յանձնառութիւնների, որոնք ստանձնել ենք Եւրոպական միութեան հետ այս համաձայնագիրի ստորագրումով»:, – դիմատետրի (facebook) էջին վրայ գրած է Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment