Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժողովրդավարութիւնը Մեծամասնութեան Իշխանութիւնը Չէ. ԵՄ Դեսպան

Ժողովրդավարութիւնը Մեծամասնութեան Իշխանութիւնը Չէ. ԵՄ Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար Պյոտր Սվիտալսկին յոյս ունի, որ Հայաստանի քաղաքական համակարգի մէջ փոփոխութիւնները կը յանգեցնեն հաւասարակշռուած կուսակցական համակարգի:

Ըստ անոր, խնդիրը բոլորովին կառավարման համակարգի մէջ չէ. «Եւրամիութեան մէջ կան տարբեր կառավարման ձեւերով երկիրներ։ Ունինք նախագահական համակարգով երկիրներ, կիսանախագահական համակարգով երկիրներ, խորհրդարանական կառավարման համակարգով երկիրներ, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունին տարբեր տեսակի խորհրդարանական կառավարման համակարգեր՝ մէկպալատանի, երկպալատանի խորհրդարաններով։ Խնդիրը, սակայն, համակարգի մէջ չէ։ Ամէն երկիր պէտք է մշակէ այն համակարգը, որ կը բխի անոր կարիքներէն ու պայմաններէն։ Այստեղ ոչ ոք չի կրնար մշակել իտէալական ձեւը»։

Անդրադառնալով այդ նախադրեալներուն, Սվիտալսկին նշած է, որ առաջին շատ ակնյայտ նախադրեալը իշխանութեան ճիւղերու տարանջատման սկզբունքն է:

Ան աւելցուցած է. «Երկրորդ տարրը հակակշիռներն ու զսպումներն են։ Կրկին այդ մէկը հին գիւտ է, ի դէպ՝ ոչ եւրոպական, բայց շատ կարեւոր։ Այս ճիւղերու միջեւ պէտք է ունենալ լիազօրութիւնները հաւասարակշռելու մեխանիզմներ։ Գործադիր իշխանութեան մէջ, օրինակ, ունիք հաւասարակշռող լիազօրութիւններ նախագահի ու վարչապետի միջեւ կամ կրնաք ունենալ հաւասարակշռող լիազօրութիւններ կեդրոնական գործադիր ու տեղական գործադիր մարմիններու միջեւ։

Կառավարական կառոյցներու եւ այլ հանրային կառոյցներու, ինչպէս նաեւ հանրութեան միջեւ։ Օրենսդիր իշխանութեան մէջ այդ նոյնն է։ Կան տարբեր օրինակներ տարբեր երկրներու մէջ։

Մէկ այլ շատ կարեւոր տարրը իրաւապահ մարմիններու քաղաքական չէզոքութիւնն է։ Այդ շատ կարեւոր է անոնց գործունէութեան վերաբերեալ հանրային վստահութեան համար։ Իրաւապահ մարմիններ ըսելով նկատի ունիմ դատախազութիւնը, քննչական կոմիտէն, ոստիկանութիւնը, յատուկ ծառայութիւնները եւ այլն։ Որովհետեւ այս ուժային կառոյցները շատ կարեւոր են։ Մարդիկ պէտք է շատ մեծ վստահութիւն ունենան, որ անոնք չեն ծառայեր որեւէ քաղաքական ճամբարի կամ որեւէ քաղաքական կառոյցի, անոնք կը ծառայեն պետութեան, հասարակութեան, հասարակ քաղաքացիներուն։ Ու այդ շատ կարեւոր է։

Մենք այդ կը տեսնենք շատ այլ երկրներու մէջ, ինչպէս Եւրամիութեան անդամ երկիրներու մէջ։ Այնպէս որ, ասոնք են այն տարրերը, որոնք շատ կարեւոր են երկարաժամկէտ առումով։ Ոչ մէկ երկիր չի յաջողիր կարճ ժամանակի մէջ կառուցել քաղաքական կառավարման զարգացած համակարգ։ Որոշ երկիրներ դեռ խնդիրներ ունին, քանի որ ստիպոուած են յաղթահարել անցեալի ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ մենատիրական անդրադարձները, մենատիրական սովորութիւնները, նաեւ մտածելակերպի մէջ։ Մարդիկ մարդ կը մնան։ Անոնք մտածելակերպ ունին։ Այնպէս որ, այդ հասուն քաղաքական մշակոյթի հարց է։

Ես լաւատես եմ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ իմ երկուքուկէս տարուայ աշխատանքի ընթացքին ես հնարաւորութիւն ունեցած եմ տեսնելու, որ հայերը ազատասէր ժողովուրդ են, անոնք կը սիրեն ըլլալ ազատ, անոնք կը սիրեն ազատ արտայայտուիլ, անոնք  կը սիրեն ըլլալ ինքնիշխան։ Այնպէս որ, եթէ Դուք ինծի հարցնէք, ես կ’ըսեմ, որ շատ լաւատես եմ Հայաստանի ապագայի համար, որովհետեւ այս առումով դուք չէք տարբերիր այլ եւրոպացիներէն, որոնց կը ճանաչման։ Ի հարկէ ունիք ժառանգութիւն, տարբեր գործօններ, որ պէտք է հաշուի առնել, ինչպէս աշխարհաքաղաքական գործօններ։ Բայց որպէս ժողովուրդ, որպէս պետութիւն, հին քաղաքակրթութիւն, չեմ կարծեր, որ պէտք է որեւէ թերարժէքութեան բարդոյթ ունենաք»,-ընդգծած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment