Home ԳՐԱԿԱՆ Լոյս տեսաւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի «Սուրիոյ Հայերը Գիտաժողովի Նիւթեր» Հատորը

Լոյս տեսաւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի «Սուրիոյ Հայերը Գիտաժողովի Նիւթեր» Հատորը

by MassisPost

Լոյս տեսաւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի «Սուրիոյ Հայերը Գիտաժողովի Նիւթեր (24-27 Մայիս 2015) » հատորը:

Հատորը կ’ընդգրկէ 41 ուսումնասիրական յօդուած, որոնց 31ը՝ գիտաժողովին ընթերցուած զեկոյցներուն վերամշակուած տարբերակներն են: Մնացեալ տասը ուսումնասիրութիւնները նոր աշխատութիւններ են՝ հատորին առաւել ամբողջականութիւն տալու համար: Հատորը կ’ընդգրկէ նաեւ գիտաժողովի օրերուն տեղի ունեցած կլոր սեղանի զրոյցին ամբողջութիւնը, ուր  Հոգշ. Շահան Արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի), Վեր. Յարութ Սելիմեան (Համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի) եւ Հոգշ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան (Առաջնորդ Դամասկոսի Հայոց) արծարծեցին Սուրիոյ տագնապի հայկական երեսակներ, զրուցավարութեամբ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր.-Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի:

Հատորին մէջ ուսումնասիրութիւններ ունին Սիլվի Աբէլեան, Դոկտ. Սեդա Ալթուկ, Դոկտ. Շողիկ Աշըգեան, Դոկտ. Նորա Արիսեան, Փրոֆ. Ճոն Արմաճանի, Մարիա Գաբրիէլեան, Աւօ Գաթրճեան, Խորէն Գրիգորեան, Դոկտ. Արման Եղիազարեան, Դոկտ. Մարուշ Երամեան, Ֆիրտուս Զաքարեան, Դոկտ. Վահէ Թաշճեան, Արմենակ Թոքմաճեան, Դոկտ. Արթուր Իսրայէլեան, Վեր.-Դոկտ. Ճոն Խանճեան, Եուսէֆ Խաշօ, Դոկտ. Թեհմինէ Մարտոյեան, Դոկտ. Հայկանուշ Մեսրոպեան, Միհրան Մինասեան, Յակոբ Միքայէլեան, Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, Գէորգ Յակոբճեան, Փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան, Անի Ոսկանեան, Դոկտ. Յակոբ Չօլաքեան, Դոկտ. Յասմիկ Քելուկեան-Պարան, Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, Փրոֆ. Թալին Տէր Մինասեան, Փրոֆ. Սիմոն Փայասլեան, Սօսէ Փիլաւճեան, Վարդի Քէշիշեան, Փրոֆ. Հիտեմիցու Քուրոքի եւ Դոկտ. Անի Ֆիշենկճեան:

Հատորին նիւթերը կը վերաբերին  ԺԶ.-ԺԷ. դարերուն  Հալէպի  մէջ գործած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 19րդ դարակէսի հալէպահայութեան, Խաշօ ընտանիքի պատմութեան, 1909ի Կիլիկեան կոտորածներուն Մուսա Լեռան եւ Ալեքսանտրէթի հայութեան վիճակին, Ցեղասպանութեան ընթացքին Հալէպի մէջ Ցեղասպանութեան դիմադրութեան շարժումին, 1920ականներու Ճեզիրէի հայութեան եւ՝ փոխառաջնորդութեան, հայ գաղթականներու Սուրիոյ մէջ տեղաւորման եւ տեղաբնիկներու հակազդեցութեան,  Ցեղասպանութեան հետեւանքով կորսուած հարազատներու փնտռտուքի աշխատանքներուն, ՀԲԸՄիութեան Հալէպի ապաստանարան-արհեստանոցին, հայ զինուորական-բժիշկներու Հալէպ հաստատուելուն, Սուրիոյ հայօճախին աւանդին, 1929-30ին Արեւմտեան Հայաստանէն հիւսիս-արեւելեան Սուրիա հաստատուած գաղթականներուն, Սուրիոյ սահմանադրութիւններուն մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն,  սուրիահայ կրթական գործին,  Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխաններուն, հայ համայնավարներու գործունէութեան, Հալէպի առաջնորդարանին,  Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի սուրիահայ գործունէութեան, հայ-սուրիական պետական յարաբերութիւններուն, Դամասկոս-Քամիշլի-Այն Արուսի հայութեան պատմութեան, Քեսապի ներկայութեան՝ հայ գրականութեան մէջ, Ալեփփօ Քոլէճին, սուրիահայ թարգմանական աւանդին, Գարեգին Սարգիսեան Կաթողիկոսի լեզուական բառապաշարի նորարարութեան,   վերջին տասնամեակի հալէպահայ բանաստեղծութեան եւ պատերազմի գրականութեան, Քեսապի նորագոյն տեղահանութեան արհաւիրքին, սուրիահայերու Հայաստան հաստատման եւ առնչակից դժուարութեանց թէ ստացուած աջակցութեանց, վերջին տասնամեակներու հալէպահայ յարանուանութեանց արձանագրած մշակութային վերելքին, հալէպահայութեան կրած պատերազմի վնասներուն եւ հեռանկարներուն: Իբրեւ փաստաթուղթ ներկայացուած է նաեւ 1950ականներու տեղեկագիր մը սուրիահայութեան մասին:

Հատորը ունի յաւելուածներու բաժին, հեղինակներու համառօտ կենսագրութիւն, համառօտ մատենագիտութիւն, համառօտ ակնարկ Սուրիոյ հայօճախին եւն.:

Հատորը խմբագրած է Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment