Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Եւրոպական Դատարանը Ատրպէյճանի Դէմ Գործընթաց Սկսած Է Սպանուած Երեք Հայ Զինուորներու Հարազատներու Դիմումով

Եւրոպական Դատարանը Ատրպէյճանի Դէմ Գործընթաց Սկսած Է Սպանուած Երեք Հայ Զինուորներու Հարազատներու Դիմումով

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) յայտնաբերած է «Գրիգոր Նարայեանն ու միւսները ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործը եւ հարցեր ուղղած Ատրպէյճանի կառավարութեան:

Դիմումատուները 2016-ի տարեվերջին Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի մօտակայքը տեղակայուած «Թիֆլիս» մարտական յենակէտի վրայ սպանուած զինծառայողներ Էտկար Նարայեանի, Էրիկ Աբովեան եւ Շաւարշ Մելիքեանի հարազատներն են: Եւրադատարանի մէջ զանոնք կը ներկայացնեն Արտակ Զեյնալեանը եւ Արա Ղազարեանը:

Հանրագումարի բերելով դիմումատուներու ներկայացուցած փաստերը՝ Եւրադատարանը արձանագրած է․

Դեկտեմբեր 26, 2016 թուականի առաւօտեան Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայող Չինգիզ Ղուրբանովը հատած է հայ-ատրպէյճանական սահմանը եւ առաջացած դէպի «Թիֆլիս»: Ժամը 8:30-ի սահմաններուն Նարայեանն ու Աբովեանը լքած են մարտական յենակէտը եւ գացած ջուր հաւաքելու: Երկուքն ալ անզէն եղած են: Կրակոցներ լսուած են, եւ աւելի ուշ պարզուած է, որ Նարայեանն ու Աբովեանը սպանուած են: Մարտական յենակէտի վրայ գտնուող միւս զինուորները անմիջապէս վազած են կրակոցներու ուղղութեամբ, հետեւած է փոխհրաձգութիւն, որու ընթացքին զոհուած է հայ երրորդ զինծառայողը՝ Մելիքեանը: Փոխհրաձգութենէն մէկ ժամ անց կրակոցները հակառակ կողմէն դադրած են, եւ յայտնաբերուած են սպանուած երեք հայ զինծառայողներու եւ Ղուրբանովի դիակները:

Դիմումատուները հայցի մէջ նշած են՝ Ատրպէյճանը ընդունած է, որ Ղուրբանովը սպանած է հայ զինծառայողները, սակայն որեւէ հետաքննութիւն չէ իրականացացած, հակառակը՝ պետութիւնը փառաբանած է անոր գործողութիւնը եւ յետմահու անոր Ատրպէյճանի ազգային հերոսի կոչում շնորհած է, անոր անունով փողոց անուանակոչուած է: Դիմումատուները ընդգծած են, որ տեղի ունեցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական միութեան 2-րդ յօդուածի խախտում․ երեք զինուորները սպանուած են ապօրինաբար, անոնցմէ ոչ մէկը զինուած չէր, եւ այդ պահին անոնք որեւէ վտանգ չէին ներկայացներ: Հետեւաբար՝ անոնց մահը ուժի արդիւնք չէ, որու կիրառումը «բացարձակ անհրաժեշտ» էր:

Դիմումատուները նաեւ նշած են, որ երեք հայ զինծառայողներու սպանութիւնը տեղի ունեցած է ատելութեան հողի վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment