Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԿԲՎ-ի Երախտապարտ Շրջանաւարտները

ԿԲՎ-ի Երախտապարտ Շրջանաւարտները

by MassisPost

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանաւարտից Միութեան կազմակերպած տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 9 Մարտ 2018-ին: Թուական մը, երբ Լիբանանի տարածքին երախտագիտութեան հաճելի մթնոլորտ կը տիրէ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ: Օրուան հանդիսավար՝ Լիզա Տէօլտիւրեան հանդիսութիւնը աւարտեց սերունդներ դաստիարակող հայ ուսուցիչին ուղղելով իր խօսքը. «Սերունդներ՝ քու օրինակովդ հասակ կը նետեն, հայրենասիրութեամբ կը գօտեպնդուին: Վարձքդ կատար հայ մարդը կերտող անձնուէր հայ ուսուցիչ»:

95 ամեայ վարժարանին բարգաւաճման ի նպաստ կազմակերպուած 28-րդ Ճաշկերոյթը սկսաւ հանդիսավար Լիզա Տէօլտիւրեանի բարեգալուստի խօսքով, որ նշեց թէ իրենց ներկայութեամբ երեկոյին յաւելեալ փայլք կու տան՝ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան, Պրն. Զաւէն Խանճեան, Պրն. Լեւոն Ֆիլեան, Տոքթ. Յասմիկ Պարան, Տոքթ. Վահրամ Շէմմէսեան, Պրն. Րաֆֆի Քենտիրճեան եւ Պրն. Փոլ Գրիգորեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ “My Wine Plus”-ին, որ ճաշկերոյթի գինին հայթայթած էր, Յարութ Համասեանին, որ սիրայօժար եւ բծախնդրութեամբ կը կատարէ միութեան գործունէութեան հաշուապահութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Ասիլեան հաստատութեան իրենց նուէրներուն համար:

Ճաշկերոյթի պաշտօնական բաժինը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով, երգեցողութեամբ՝ Արա Գուրույեանի եւ Րաֆֆի Քերպապեանի: Պատուելի Սարգիս Գարամինասեան աղօթքով մը խնդրեց, որ Աստուած իր օրհնութիւնը անպակաս ընէ օր ըստ օրէ բարգաւաճող ԿԲՎարժարանի տարածքէն, տնօրէնութենէն, ուսուցչակազմէն, ծնողներէն ու աշակերտներէն, եւ նաեւ երախտագէտ շրջանաւարտներէն:

“We care for CHS” կարգախօսին հաւատացող Շրջանաւարտից Միութեան ատենապետ՝ Գաբրիէլ Ալպարեան 165-է աւելի ներկաներուն բարեգալուստի խօսքը փոխանցելէ ետք, նշեց յաջողութեամբ պսակուած երեք նուիրահաւաքները, որոնց գումարը ամբողջութեամբ փոխանցուած է ԿԲՎ-ի մասնաւորաբար կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներուն: Ան նշեց նաեւ, որ ճաշկերոյթի ընթացքին յատուկ պատիւի պիտի արժանանան ծանօթ լրագրող եւ քաղաքական մեկնաբան Վաչէ Բրուտեանը իբրեւ «Տարուան Շրջանաւարտ»ը, իսկ «Վերապատուելի Ենովք Հատիտեան»ի յուշանուէրով՝ Սոնա Այնթապլեանը, Շրջանաւարտից Միութեան աշխատանքներուն անսակարկ նուիրումին համար: Գաբրիէլ Ալպարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ԿԲՎ-ի առատաձեռն նուիրատուին՝ Տէր եւ Տիկ. Ճերի եւ Փաթ Թըրփանճեաններուն:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100 ամեակի տօնակատարութեան սեմին կը գտնուինք: Հետեւաբար, խօսք առաւ Զաւէն Խանճեան, որ այս տարի եւս ընդգծեց «կեդրոնականցի» կոչումը ընդհանրացնելու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ վեր առաւ տալ ու ստանալ համամարդկային արժէքը եւ իր իսկ օրինակը տալով, ըսաւ. «Ինծի համար դիւրին է տալը, որովհետեւ շատ ստացած եմ»: Ան ըսաւ, որ երախտագէտները միշտ ալ կրնան ստեղծել տալու ժամանակը՝ երէ՛կ, այսօ՛ր եւ վա՛ղն են այդ պահերը:

Ճաշկերոյթին համն ու հոտը եղաւ «Լարք»ի «Ծիածան» պատանեկան երգչախումբը, որուն գործունէութիւնը ներկայացուց Արա Գուրույեան: «Ծիածան»ի պատանիները իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ, ներդաշնակութեամբ եւ հնչեղութեամբ մեկնաբանեցին «Անձրեւ եկաւ», «Խումար», «Էսօր Ուրբաթ է», «Սար-սար», «Սոնա եար», «Ապարանցի եար» եւ «Աղբիւր ես, չորանալ մի» երգերը:

Վարժարանի տնօրէնուհին այս տարի ֆիզիքապէս ներկայ չէր, սակայն այս ճաշկերոյթին համար պատրաստած եւ ուղարկած էր յատուկ տեսերիզ մը: Ցուցադրութեան ընթացքին ներկաները ականատես եղան վարժարանի թիւի աճին, դպրոցական զանազան գործունէութեացն:  Տնօրէնուհին այս անգամ շեշտը դրած էր «յատուկ ուշադրութեան կարիք ունեցող աշակերտներուն» տրամադրուած հոգատարութեան եւ անոնց դասաւանդման ձեւերուն վրայ, նշելով որ Լիբանանի մէջ ուսումնական նման ծրագիր ունին քանի մը դպրոց միայն:

Արա Գուրույեան բեմ բարձրանալով ներկայացուց «Տարուան Շրջանաւարտ»ը՝ լրագրող եւ քաղաքական մեկնաբան Վաչէ Բրուտեանն ու ցարդ տարած իր գործունէութիւնը: Տիկ. Սալբի Բրուտեան ստանձնեց յուշանուէրը եւ յանուն ամուսինին կարդաց անոր գրած շնորհակալութեան խօսքը, ըստ որուն դպրոցը առանց նուիրեալ ուսուցիչներու չի կրնար դպրոց կոչուիլ, հետեւաբար իր տածած երախտագիտութեան զգացումները արտայայտեց բնագիտութեան ուսուցիչ՝ Վարուժան Մազմանեանին, որմէ սորված էր գիտական մտածողութիւն եւ աշխատելաձեւ, Հռութ Աճեմեան-Դուրեանին, որմէ սորված էր կեանքի մեղեդին ու լեզուի մը գեղեցկութիւնը, պարոն Յակոբ Թութիկեանին, որմէ սորված էր մայրենիին անուշութիւնը եւ  հայրենասիրութիւնը:

Սառա Անթիքաճեան «բարի կին, չունի գին» իմաստուն խօսքով ներկայացուց Սոնիա Այնթապլեան մեծարեալը: Ան Շրջանաւարտից Միութեան հիմնադիր օրէն մինչեւ օրս անսակարկ նուիրումով գործող անձնաւորութիւնն է՝ համեստ, աշխատասէր, անձնուէր ածականներուն արժանի: Վարչութիւնը Սոնիա Այնթապլեանը պատուեց նորահաստատ «Վերապատուելի Ենովք Հատիտեան» յուշանուէրով: Յուշանուէրը յանուն Սոնիային ստանձնեց իր զաւակը: Ան յոյս յայտնեց, որ Սոնիան ապաքինած ներկայ կը գտնուի 2019-ի ճաշկերոյթին:

Տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Սառա Անթիքաճեաններու թոռնուհին՝ Թիֆընի Սոմըր հիանալի ձայնով մեկնաբանեց երկու երգեր, որմէ ետք խրախճանքը խանդավառեց DJ Լէօն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment