Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստան Ամբողջութեամբ Կատարած է Հայաստանին Տրուած Ռազմական Վարկի Մատակարարումները

Ռուսաստան Ամբողջութեամբ Կատարած է Հայաստանին Տրուած Ռազմական Վարկի Մատակարարումները

by MassisPost

Ակնյայտ է, որ Հայաստանի ռազմա-քաղաքական ղեկավարութիւնը դժգոհ է Ատրպէյճանին ռուսական սպառազինութեան մատակարարումներէն, յայտարարած է պաշտպանութեան փոխնախարար Դաւիթ Փախչանեանը:

Ան աւելցուցած է, թէ Մոսկուան յայտարարած է, որ պիտի նուազեցնէ Ատրպէյճանին զէնքի մատակարարումներու քանակը:

«Ակնյայտ է, որ մենք որոշակի դժգոհութիւն ունենք, եւ ռուսական կողմէն այժմ հնչեցւում է, որ այդ մատակարարումների քանակները խիստ նուազելու են»,- մանրամասնած է փոխնախարարը:

Նախորդ օրերուն ռուս բարձրաստիճան երկու խորհրդարանականներ՝ Ռուսաստանի խորհրդարանի վերին պալատի՝ Դաշնութեան խորհուրդի Միջազգային գործերու կոմիտէի նախագահ Կոնսդանդին Կոսաչովը եւ ստորին պալատի՝ Պետական տումայի ԱՊՀ գործերով ու եւրասիական  համարկման  կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնսդանդին Զատուլինը Երեւանի մէջ յայտարարած են, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք Մոսկուան հրաժարած է Պաքուին մատակարարել նախկինի նման մեծ քանակով սպառազինութիւն, ինչպէս նաեւ՝ 2016թ․ քառօրեայ պատերազմէն ետք Մոսկուան հետեւութիւններ ըրած է՝ կապուած Հարաւային Կովկասի մէջ զինատեսակներու հաւասարակշռութեան խախտման հետ, եւ տրամադրած է Հայաստանին ամենաժամանակակից պաշտպանական միջոցները:

Այդուհանդերձ, չնայած ապրիլեան պատերազմին եւ Հայաստանի իշխանութիւններու՝ բարձրագոյն մակարդակով հնչեցուցած հրապարակային բազմաթիւ դժգոհութիւններուն, Ռուսաստանը կը շարունակէ հանդիսանալ Ատրպէյճանին սպառազինութիւն մատակարարող առաջին երկիրը։ Ստոկհոլմի մէջ գործող Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութեան հաստատութիւնը (SIPRI)` վերջերս հրապարակած զեկոյցի համաձայն, 2013-2017 թուականներուն Ատրպէյճանի ներմուծած ողջ սպառազինութեան 65 տոկոսը եղած է ռուսական: Նոյն ժամանակահատուածին Ատրպէյճանը ներմուծած է զէնքի ընդամէնը 2.5 տոկոսը Թուրքիայէն: Փաստօրէն, Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան այդ տարիներուն 26 անգամ աւելի շատ սպառազինութիւն մատակարարած է Ատրպէյճանին, քան Պաքուի ռազմավարական դաշնակից Թուրքիան:

Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարարը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է՝ ռազմա-տեխնիկական ոլորտի մէջ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը «բաւականին արդիւնաւէտ է», եւ Հայաստանին տրուած ռուսական ռազմական առաջին վարկի՝ 200 միլիոն տոլարի մատակարարումները ամբողջութեամբ կատարուած են:

«Այն, ինչ նախատեսուած էր առաջին վարկի շրջանակներում արդէն ամբողջութեամբ մատակարարուած է, եւ կայ պայմանաւորուածութիւն այդ աշխատանքը շարունակելու եւ դա մեր սպառազինութեան գնումների լուրջ մասն է կազմում»,- նշած է Փախչանեանը: «Մէկ խօսքով ասած՝ Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւնը հիմա բաւականին լաւ ընթանում է»:

Անցեալ ամիս յայտնի դարձաւ, որ Միացեալ Նահանգները ծանուցած է շարք մը երկիրներու, նաեւ՝ Հայաստանի կառավարութեան, հնարաւոր պատժամիջոցներու մասին, եթէ Ռուսիոյ ռազմա-արդիւնաբերական համալիրի հետ նշանակալի գործարքներ կնքուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment