Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նալպանտեան. «Ատրպէյճան Կը Մերժէ Կատարել Պայմանաւորուածութիւնը»

Նալպանտեան. «Ատրպէյճան Կը Մերժէ Կատարել Պայմանաւորուածութիւնը»

by MassisPost

Երեւան այցելող Լիւքսեմպուրկի արտագին գործոց նախարարի հետ միատեղ ասուլիսի ժամանակ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Էտուարտ Նալպանտեան յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը մինչեւ օրս կը հրաժարի կատարել անցնող  Յունուարին Կրակովի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ նախատեսուած պայմանաւորուածութիւնը:

Էտուարտ Նալպանտեանը յորդորած է Պաքուն վերադարձնել կառուցողական դաշտ.- «Վերջին այսպիսի հանդիպումը, որը Կրակովում էր, երբ որ եռանախագահողների առաջարկութեամբ մենք համաձայնութիւն ձեռք բերեցինք աւելացնել  ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի թիմի կարողութիւնները, եւ դրա մասին յայտարարեցին եռանախագահող երկրները եւ Հայաստանը, եւ մինչեւ հիմա Ատրպէյճանը հրաժարւում է ընդհանրապէս որեւէ յղում կատարել այդ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեանը եւ յարգել, իրականացնել այդ պայմանաւորուածութիւնը: Ոչ միայն Կրակովում. դրանից առաջ բազմաթիւ անգամ է դա եղել»:

Յունուարի վերջաւորութեան  կատարած հարցազրոյցին Նալպանտեանը մանրամասնած էր, որ, ըստ պայմանաւորուածութեան, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպշիկի խումբին պէտք է միանան եօթ հոգի եւ անոնք հետեւին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի պահպանման:

Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործերու եւ եւրոպական հարցերու նախարար Ժան Ասելպոռնը հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութեամբ` նշելով, թէ Եւրամիութեան հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ պայմանաւորուելու առումով Հայաստանը ճիշդ ձեւով կ’ընթանայ, եւ եթէ շարունակէ այսպէս ՚օրը կու գայ եւ վիզաները կ’ազատականացուինՙ:

Ասելպոռնը Երեւանի մէջ Լիւքսեմպուրկի պատւոյ հիւպատոսի գրասենեակի բացման մասնակցած եւ յայտարարած է, որ Հայաստանը շատ կարեւոր երկիր է Եւրամիութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment