«Ատրպէյճանը Ռուսաստանի հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը կրնայ խորացնել միայն մէկ պայմանով՝ եթէ Ռուսաստան ճնշէ Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ եւ ապահովէ գոնէ հինգ շրջաններու ազատումը, սակայն մօտ ապագային այդ չի նշմարուիր», – նման կարծիք յայտնած է «Ատլաս» ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Էլհան Շահինօղլին՝ «Թուրան»-ի հետ զրոյցին մէջ անդրադառնալով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերընտրութեանը եւ անոր ազդեցութեան տարածաշրջանի ու Ռուսաստան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու վրայ:
«Փութինը կրկին նախագահ ընտրուած է, եւ անոր դիրքորոշումը Ղարաբաղի հարցին մէջ չի փոխուիր: Ան հետաքրքրուած չէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմամբ, որու մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանին», – ըսած է ատրպէյճանցի փորձագէտը:
Անոր կարծիքով՝ Տմիթրի Մետվեթեւը, երբ Ռուսաստանի նախագահ էր, կը ցանկանար լուծել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, ան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու 10 հանդիպում կազմակերպած էր, սակայն, ըստ փորձագէտի, Փութինը խանգարած է:
Էլհան Շահինօղլիի խօսքով՝ Ռուսաստանը միշտ պաշտպանած է Հայաստանը եւ օգտագործած Ատրպէյճանի դէմ:
Ան նշած է, որ անցած տարիներուն Ատրպէյճանը մօտաւորապէս 5 միլիառ տոլարի զէնք գնած է Ռուսաստանէն, սակայն այս տարուայ հասոյթով Մոսկուայէն խոշոր խմբաքանակի սպառազինութիւններու գնումներ նախատեսուած չեն:
«Այդ կը նշանակէ՝ Ատրպէյճանը կը կրճատէ զէնքի ներմուծումը Ռուսաստանէն, եւ Արեւմուտքը այդ կը տեսնէ», – ըսած է Էլհան Շահինօղլին՝ աւելցնելով, թէ տնտեսութեան ոլորտին մէջ, ի տարբերութիւն Հայաստանի, Ատրպէյճանը բաց է ոչ միայն ռուսական, այլեւ միւս շուկաներու համար:
«Մեր առեւտուրի հիմնական գործընկերները արեւմտեան երկրներն են: Ռուսաստանի հետ մերձեցումը կրնայ վնասել Ատրպէյճանը, մեզ կախուածութեան մէջ ձգել Մոսկուայէն», – ամփոփած է Շահինօղլին: