Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Հինգ Շրջաններ Յանձնելու Մասին Խօսակցութիւները Լուրջ Չեն», Կ’ըսէ Շաւարշ Քոչարեանը

«Հինգ Շրջաններ Յանձնելու Մասին Խօսակցութիւները Լուրջ Չեն», Կ’ըսէ Շաւարշ Քոչարեանը

by MassisPost

Հինգ շրջաններ յանձնելու մասին խօսակցութիւնները Ատրպէյճանը կը տարածէ կամ իր, կամ այլ անձերու միջոցով, նման բան գոյութիւն չունի: Այս մասին ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հայաստանի ԱԳ փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը:

Անդրադառնալով բանակցութիւններուն, ան ընդգծած է. «Մենք միշտ պէտք է գիտակցենք, որ բանակցութիւններն ունեն երկու հարթութիւն՝ նախ ստեղծել համապատասխան մթնոլորտ բանակցութիւններում առաջընթաց արձանագրելու համար, միւսը՝ բուն բանակցութիւնները, որոնք ուղղուած են առաջընթացին: Բնական է, որ դա համանախագահները յստակ գիտակցում են եւ ուղղակի յայտարարել են, որի մասին են խօսում եւ Վիեննայի, եւ Սան-Բեթերպուրկի, եւ Քրաքովի պայմանաւորուածութիւնները, որպէսզի բանակցային գործընթացում հնարաւորութիւն լինի խօսել առաջընթացի մասին, անհրաժեշտ է, որ կողմերի միջեւ լինի վստահութիւն: Վստահութեան անհրաժեշտ մասը նրանում է, որ կողմերը չկրակեն, սադրանքներ չկազմակերպեն: Այդ իսկ պատճառով խօսուել է եւ հետաքննութեան մեխանիզմի ձեւաւորման մասին, եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի՝ Քասփրշիկի մշտադիտարկման խումբի կարողութիւնների աւելացման մասին: Դա անհրաժեշտ պայման է, եւ առանց դրա վստահութիւն չի լինի»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշման պատճառով, որեւէ զարգացման մասին խօսիլ այսօր անհնարին է:

Ինչ կը վերաբերի 5 շրջաններ յանձնելու մասին պայմանագիրի առկայութեան, որու մասին վերջերս խօսած էր «Միջազգային եւրասիական շարժման» ղեկավար, քաղաքագէտ Ալեքսանտր Տուկինը, Շաւարշ Քոչարեանը յայտնած է, որ այդ Ատրպէյճանի ցանկութիւնն է, որ ինքը պարբերաբար կամ իր բերնով կամ այլ անձանց բերնով կը փորձէ սփռել մամուլին. «Մենք դրան լուրջ չենք էլ վերաբերւում, որովհետեւ այդպիսի բան գոյութիւն չունի»,- ընդգծած է ԱԳ փոխնախարարը ու աւելցուցած. «Երբ հայկական լրատուամիջոցները չեղած բանը մատի փաթաթան են դարձնում, դա ինձ համար անընդունելի է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment