Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանէն Տարեկան Միջին Հաշուով 44 Հազար Մարդ Հեռացած է

Հայաստանէն Տարեկան Միջին Հաշուով 44 Հազար Մարդ Հեռացած է

by MassisPost

Տարբեր գնահատականներով՝ վերջին 15 տարիներուն արտերկրի մէջ հայ աշխատանքային գաղթականներու թիւը կազմած է մօտ 200-300 հազար: Այս մասին 19 մարտին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին  նշած է ժողովրդագիր Ռուբէն Եգանեանը, ներկայացնելով Հայաստանի արտաքին գաղթի իրավիճակի եռամեայ մշտադիտարկում ընտրանքային հետազօտութեան զեկոյցը:

Ան ըսած է, որ միանշանակ չէ ոչ այս հոսքի վերադարձը, ոչ ալ արտերկրի մէջ մնալը, սա դեռ անորոշութեան մէջ է, եւ անոնց յետագայ վարքագիծով պայմանաւորուած է մեր գաղթի յետագայ գործընթացներու ձեւաւորումը:

Եգանեանը աւելացուցած է, որ գաղթի թէ՛ մշտական, թէ՛ ժամանակաւոր հոսքերու մէջ անհամամասնօրէն բարձր ներկայացուած են տղամարդիկ, եւ վերարտադրողական ու աշխոյժ աշխատանքային տարիքի մեծամասնութիւնը: Գաղթի հիմնական պատճառներու մէջ, ըստ բանախօսի, յստակօրէն առաջնային են աշխատանքային-տնտեսական գործօնները: Բուն աշխատանքային պատճառները երկուքն են՝ աշխատանք չըլլալն ու մասնագիտական աշխատանք չըլլալը: Կայ նաեւ երկու տնտեսական պատճառ՝ տնային տնտեսութեան համար գումար վաստակել, առաւել բարձր վարձատրութեամբ աշխատանք գտնել:

Ժողովրդագիրը տեղեկացուցած է, որ հարցադրումը իրականացուած է մօտ 3000 տնային տնտեսութիւններու մէջ եղող անդամներուն հետ: Ըստ Եգանեանի՝ գաղթը միակողմանի չ’ըլլար, այն ալ՝ մեր պարագային, երբ աշխատանքային գաղթ կայ. վերադարձողներ կ’ըլլան: Պատկերի վրայ ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ վերջին տարիներուն սուրիահայ փախստականներու ներհոսքը:

Եգանեանի խօսքով՝ քանի որ հիմնական հոսքերը կը ձեւաւորեն աշխատանքային գաղթերը, այդ մարզային երեւոյթ է, սակայն  կարելի չէ ըսել, որ Երեւանի մէջ չկայ. Երեւանի մէջ աշխատանքային գաղթերը քիչ են: Ամէնէն շատ կը մեկնին այն մարզերէն, ուր ոչ բարւոք վիճակ է, առաջամարտիկները  Գեղարքունիքի, Շիրակի ու Լոռիի հիւսիսային տարածքի բնակիչներն են:

Խօսելով 2040-ին Հայաստանի բնակչութեան 4 միլիոնի հասնելու հեռանկարի մասին, Եգանեան նշած է, որ անձամբ չէ լսած այդ մասին, լսած է, որ այդ ոչ թէ խնդիր է, այլ ընդամէնը նպատակ: Անոր խօսքով՝ այդ թիւին հասնիլը կը պահանջէ բոլոր միջոցներու գերլարում:

Ծնունդի նուազման երեւոյթը, ըստ բանախօսի, կը շարունակուի՝ թէ բացարձակ թիւով, թէ յարաբերական մեծութեամբ, եւ սա անխուսափելի երեւոյթ է:

Ան նշած է, որ երբ 2003-2004 թուականներուն սկսած ցուցանիշը բարձրացած է, ոչ մասնագէտներու մօտ տպաւորութիւն ստեղծուած է, թէ յաղթահարուած է վիճակը, բայց այդ ընդամէնը պայմանաւորուած էր ժողովրդագրական ալիքի ներգործութեամբ. 80-ականներու վերջերուն մեծաթիւ սերունդը մտած էր վերարտադրողական տարիք, իրենք շատ էին, շատ ալ երեխաներ պիտի ծնէին, բայց իրենցմէ յետոյ պիտի գային 90-ականներու, ապա  2000-ականներու սերունդները: Ամենամեծ ցուցանիշը եղած է 1986 թուականը՝ 81 100 ծնունդ, մօտաւորապէս նոյն թիւն էր յետերկրաշարժեան շրջանին, իսկ 2002-ին ծնած է ընդամէնը 32 000 երեխայ, հիմա ծնող տարիք սկսած են մտնել այդ սերունդի ներկայացուցիչները, ընդ որում՝ անոնց մէկ մասը հեռացած է, մէկ մասը չկայ:
2017-ի հետազօտութեան տուեալներով՝ 2014, 2015, 2016 թուականներուն տարեկան միջին հաշուով՝ մեկնած ու չեն վերադարձած 44 հազար մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment