Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժիրայր Սեֆիլեանը Դատապարտուած է 10 Տարի Հինգ Ամսուան Ազատազրկման

Ժիրայր Սեֆիլեանը Դատապարտուած է 10 Տարի Հինգ Ամսուան Ազատազրկման

by MassisPost

«Հիմնադիր խորհրդարան»-ի առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեանը դատապարտուած է 10 տարի հինգ ամսուան ազատազրկման:

Դատաւորը ամբողջութեամբ ապացուցուած համարեց, որ Սեֆիլեանը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նախապատրաստած է զանգուածային անկարգութիւններ` իշխանութեան ներկայացուցիչին զինուած դիմադրութիւն ցոյց տալով, բռնութիւն գործադրելով, գոյք ոչնչացնելով եւ այլն, յետագային ալ` արդէն Սահմանադրական հանրաքուէին ընդառաջ, ապօրինի ձեռք բերած է հրազէն ու ռազմամթերք` նպատակ ունենալով գրաւել ռազմավարական նշանակութեան շէնքեր, իշխանութիւններուն պարտադրել ինչ-որ գործողութիւններ:

Աւելի քան տասը տարուան պատժաչափը լսելով Սեֆիլեանը ծափահարած եւ ըսած է. – «Պրա՛ւօ, շուտով ձեզ համար են ընթերցելու այսպիսի վճիռներ»:

Գէորգ Սաֆարեանը դատապարտուեցաւ 5.5 տարուան ազատազրկման: Դատաւորը, սակայն, հաշուարկեց մէկ այլ՝ «տօնածառի» գործով Սաֆարեանի արդէն կրած երկու տարուան պատժաչափը: Այսինքն՝ այսօր Գէորգ Սաֆարեանը, ըստ էութեան, դատապարտուեցաւ 3.5 տարուան ազատազրկման:

Սաֆարեանը եւս ժպիտով կը լսէր վճիռը: «Կեցցէ՛ այն Հայաստանը, որ վաղն է գալու»,- բացականչեց ան:

Այս գործով անցնող միւս մեղադրեալներ Սասունիկ Կիրակոսեանը եւ Ներսէս Պօղոսեանը դատապարտուեցան 3.5-ական, Գալուստ Գրիգորեանը եւ Հրայր Թոփճեանն ալ՝ 3-ական տարուայ ազատազրկման:

Ներսէս Պօղոսեանը կը հայհոյէր դահլիճի մէջ ներկայ մեղադրող դատախազին: Ոստիկանները զինք հրելով դուրս տարին դահլիճէն, թէեւ վճիռը դեռ կ’ընթերցուէր:

Ամենամեղմ՝ 2 տարուան ազատազրկման պատիժի արժանացաւ մեղադրեալ Յովհաննէս Պետրոսեանը: Ան միակն է, որ դատարանի մէջ Սեֆիլեանի դէմ ցուցմունք տուած է եւ փաստօրէն ընդամէնը երկու ամիսէն ազատ կ’արձակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment