Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք Դասախօսը կը Մեղադրուի Հայկական Թեմայով Գիտաժողով Կազմակերպելու մէջ

Թուրք Դասախօսը կը Մեղադրուի Հայկական Թեմայով Գիտաժողով Կազմակերպելու մէջ

by MassisPost

Թուրքիոյ «Էրճիյէս»ի համալսարանի նախկին դասախօս պրոֆեսոր Շաքիր Պաթմազը կը մեղադրուի «Ֆեթուլլահական ահաբեկչական կազմակերպութեան» (FETÖ) անդամակցելու եւ պատասխանատու դերակատարի մէջ ըլլալու համար:

«Էրմենիհապեր»-ը գրած է, որ Պաթմազի դէմ ներկայացուած մեղադրականի մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է հայերու հետ յարաբերութիւններուն եւ Կիւլենական համայնքի ղեկավար, իսլամի յայտնի քարոզիչ, ամերիկաբնակ թուրք միլիառտէր Ֆեթուլլահ Կիւլենի հայկական ծագման վերաբերեալ անոր կարծիքին: Ի դէպ, Կիւլենը թուրքական իշխանութիւններու կողմէն կը համարուի FETÖ-ի հիմնադիր-ղեկավար եւ կը մեղադրուի 2016թ. 15 յուլիսի ռազմական յեղաշրջման փորձը կազմակերպելու մէջ:

Պաթմազի մեղադրականի մէջ նշուած է, որ Էրճիյէսի համալսարանի մէջ հայերուն վերաբերող 2 գիտաժողով կազմակերպուած է, որոնք իրականացուած են FETÖ-ի «Կրօններու միջեւ երկխօսութիւն եւ համերաշխութիւն» նախաձեռնութեան շրջանակներու մէջ:

Նաեւ կը նշուի, որ Պաթմազը հիւրընկալուած է Հայոց պատրիարքին, Հայաստանի մէջ մասնակցած է գիտաժողովի եւ «Էրճիյէս»ի համալսարանի մէջ FETÖ-ի անդամներու հետ իրականացուած է հայերէն ներողութիւն խնդրելու արշաւը:

Մեղադրականի այն հատուածի մէջ, որ կը վերաբերի Կիւլենի ծագման, մեջբերուած են Պաթմազի խօսքերը.

«Երբ որպէս պատմաբան կը վերլուծեմ՝ հաշուի առնելով անոր բնակութեան տարածքը, կը մտածեմ, որ Կիւլենը հայկական ծագում ունի: Էրզրումի մէջ, ուր ծնած է Կիւլենը, անցեալին շատ խիտ հայկական բնակչութիւն եղած է: Կը կարծեմ նաեւ, որ ան ծառայած է Ամերիկայի  ծաւալապաշտական գործունէութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment