Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վիրահայոց Թեմը Դատ Բացած է Վրաստանի Դէմ Պահանջելով Վերադարձնել Թիֆլիսի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին

Վիրահայոց Թեմը Դատ Բացած է Վրաստանի Դէմ Պահանջելով Վերադարձնել Թիֆլիսի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին

by MassisPost

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմը դատի տուած է Վրաստանի իշխանութիւնները՝ պահանջելով վերադարձնել 19-րդ դարուն կառուցուած Թիֆլիսի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:

Կիսաւեր տաճարը, որ առաւել յայտնի է որպէս Թանդոյեանց եկեղեցի, անցած տարի, կառավարութեան որոշմամբ, փոխանցուած է Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ՝ չնայած հայերու շարունակական բողոքներուն:

Հիմա Վրաց պատրիարքարանը այդ տարածքին մէջ հետազօտական աշխատանքներ կ’իրականացնէ, իբրեւ թէ այն վերականգնելու նպատակով: Վիրահայերը, սակայն, մտավախութիւն ունին, թէ որպէս արդիւնք Թանդոյեանցը կրնայ վերջնականապէս հողին հաւասարիլ։

Վրաց պատրիարքարանը, ըստ էութեան, չի ալ թաքցներ, որ նկրտումներ ունի այդ տարածքի նկատմամբ: Պատրիարքարանի ներկայացուցիչ Լեւան Մերապիշվիլին կը պնդէ՝ Թանդոյեանցի տեղը ժամանակին վրացական եկեղեցի եղած է եւ հիմա իրենք «պարզապէս կ’ուզեն պատմական արդարութիւնը վերականգնել»:

Վրաստանի հայերը անհեթեթ ու անհիմն կ’որակեն այս պնդումները: Թեմի ներկայացուցիչ Միխայէլ Աւագեանը յիշեցուցած է՝ Թանդոյեանցը հայկական համայնքէն բռնագրաւուած էր դեռ խորհրդային տարիներուն:

90-ականներէն եկեղեցին կը գտնուի լքուած ու ամայի վիճակի մէջ, ու թէեւ հայերը շարունակաբար խնդրած են այն վերադարձնել, պաշտօնական Թիֆլիսը չէ համաձայնած:

Անկախ փորձագէտները եւս կը պնդեն` գոյութիւն ունեցող աղբիւրները չեն հաստատեր, որ Թանդոյեանցի տարածքին մէջ աւելի վաղ վրացական եկեղեցի  եղած է:

Այս հարցով դատաքննութիւն կատարուած է եւ առաջին նիստը, ըստ էութեան, չսկսած՝ յետաձգուած է. կողմերը ժամանակ խնդրած են՝ գործին մէջ նոր փաստեր ու ապացոյցներ ներառելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment