Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանի Տարեկան Ճաշկերոյթին Փառաբանուեցաւ Հայ Մշակոյթը

Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանի Տարեկան Ճաշկերոյթին Փառաբանուեցաւ Հայ Մշակոյթը

by MassisPost

Իր տեսակին մէջ ինքնատիպ միջոցառում մըն էր որ տեղի ունեցաւ Կիրակի 11 Մարտ, 2018 Պըրպէնքի «Գասթաուէզ» սրահին մէջ: Արդարեւ Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանը՝ կը նշէր իր հիմնադրութեան 38րդ տարեդարձը, որուն ներկայ գտնուեցաւ ծնողներեւ  եւ համակիրներու ընտրանի բազմութիւն մը, ինչպէս նաեւ գաղութի կրթական, մշակութային, կրօնական, հայ մամուլի ներկայացուչիներ եւ բարերարներ:

Հայկական համադամ աղանդերներով ճոխացուած ճաշկերոյթին ներկաներուն ողջունեց հոգաբարձութեան ատենապետոհի Տիկին Սօսի Աստուրեան:

Օրուան հանդիսավարն էր Համաշխարհային Հայ Բժշկական Միութեան ատենապետ Տօքթ. Վիգէն Սիբիլեան, որ իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց հայ դպրոցի եւ նուիրեալ ուսուցիչներու վիճակուած դերը« նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան մէջ:

Ողջոյնի սրտառուչ խօսքով հանդէս եկաւ եւ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան:

sahag mesrob-2

Ընթրիքէն ետք գործադրուեցաւ մշակութային ճոխ յայտագիր մը: Այս առթիւ դպրոցի երաժշտութեան ուսուցիչ Արտաշէս Սինանեան ելոյթ ունեցաւ եւ հպարտանքով արտայայտուեցաւ Կոմիտասի մասին, բնութագրեով զայն որպէս հիմնաքարը հայ երաժշտութեան: Ապա տաղանդաշատ ընտանիքի երրեակ անդամները Ժաննա (դաշնամուր), դուստրը Անի (ջութակ) եւ Արտշէս (հարուածային) ներկաներուն հրամցուցին դասական երաժշտութենէն հատուածներու գողտրիկ փունջ մը: Արդարեւ անոնց գեղարուեստական բարձրորակ կատարումը արժանացաւ ներկաներու յոտնկայս ծափահարութիւններուն:

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած սոյն միջոցառումին հայերէն լեզուով ասմունքեցին վարժարանի շնորհալի աշակերտներէն Տանիէլա Ակոճեան եւ Թաթիանա Սվաճեան: Ներկաներն ըմբոշխնեցին նաեւ Սահակ-Մեսրոպ աշակերտական  երգչախումբի հայրենաշունչ երգերն ու պարերը, ղեկավարութեամբ Ատաշէս եւ Ժաննա Սինանեաններու:

Վարժարնաի ժրաջան տնօրէնուհին Մարալ Պոյաճեանն իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց հոգաբարձութեան, բարերարներուն ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն բերած օգտաշատ նպաստը: Ան միաժամանակ յայտնեց թէ դպրոցի յառաջընթացը գնահատելով« գաւառային քննիչ յանձնախումբին կողմէ վերավարկաւորուած է յառաջիկայ վեց տարիներուն համար:

Այս առթիւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Սօսի Աստուրեանի ձեռամբ, յատուկ պարգեւրնեվո վարձատրուեցան Սահակ-Մեսրոպ Վարժարանի հայոց լեզուի եւ երաժշտութեան ուսուցիչները, առ ի գնահատանք հայ մշակոյթին եւ հայոց լեզուի պահպանման համար իրենց նուիրումին եւ անխոնջ աշխատանքին:

Տեղի ունեցաւ նաեւ հանգանակութիւն միջնակարգ վարժարանի համակարգչային նոր սարքաւորումներու հայթայթման համար: Կ՝իմանանք թէ ներկայ տարեշրջանին ցարդ կատարուած նուիրատւութիւններէն գոյացած է 80,000 տոլար: Սակայն ընդհանուր կարիքը կը հասնի 135,000 տոլարի: Աւարտին Տէր Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ երեկոյթը:

Ներկաները սրահէն բաժնուեցան կրթանուէր եւ հայրենանուէր յիշատակելի եւ տպաւորիչ ձեռնարկի մը վայելքը ըմբոշխնած ըլլալու լաւագոյն տպաւորութիւններով:

Կը շնորհաւորնք նախաձեռնողները:

«Մասիս»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment