Home ՍՓԻՒՌՔ «Շատ Տպաւորիչ է ՊԷյրութի Կեդրոնում Նման Կրթօջախ Տեսնել». Կարէն Կարապետեանը Այցելած է Հայկազեան Համալսարան

«Շատ Տպաւորիչ է ՊԷյրութի Կեդրոնում Նման Կրթօջախ Տեսնել». Կարէն Կարապետեանը Այցելած է Հայկազեան Համալսարան

by MassisPost

Շատ տպաւորիչ է Պէյրութի կեդրոնը նման կրթական օջախ տեսնել՝ ե՛ւ հայկական, ե՛ւ միջազգային, ե՛ լաւատես այլ մշակոյթներու նկատմամբ: Պաշտօնական այցով Լիբանան գտնուող վարչապետ Կարէն Կարապետեանը այս մասին ըսած է Հայկազեան համալսարան այցի ընթացքին:

Համալսարանի տնօրէն Փօլ Հայտոսթեանը վարչապետին ծանօթացուցած է ուսումնական հաստատութեան գործունէութիւնը եւ կրթական ծրագիրները, ներկայացուցած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանը եւ համալսարանի բակին մէջ տեղակայուած հրթիռի յուշարձանը, որու հեղինակը հայ է: Կարէն Կարապետեանը ծանօթացած է նաեւ հայազգի նկարիչ Ռաֆֆի Ետալեանի ստեղծագործութիւններուն եւ գրառում կատարած Հայկազեան համալսարանի Պատուոյ հիւրերու գիրքին մէջ:

«Շատ տպաւորիչ է այստեղ՝ Պէյրութի կեդրոնում, նման կրթական օջախ տեսնել՝ ե՛ւ հայկական, ե՛ւ միջազգային, ե՛ւ հանդուրժող  այլ մշակոյթների նկատմամբ:  Չափազանց կարեւոր է եւ չափազանց ոգեւորիչ: Ցանկանում եմ ձեզ շնորհակալութիւն յայտնել՝ ձեր կատարած գործի համար, եւ ուզում եմ, որ չյոգնէք, որովհետեւ չկայ աւելի շնորհակալ գործ, քան կրթելը: Ամենամեծ կարիքը մենք ձեր մէջ ունենք եւ շնորհակալ ենք հայապահպանութեան ուղղութեամբ ձեր նուիրուած աշխատանքի համար»,- նշած է Կարէն Կարապետեանը:

Անդրադառնալով իր պաշտօնական այցի օրակարգին՝ Կարէն Կարապետեանը նշած է, որ բաւական շատ ու արդիւնաւէտ հանդիպումներ ունեցած է ե՛ւ Լիբանանի ղեկավարութեան, ե՛ւ առեւտուրի միջավայրի ու դրամատնային ոլորտի ներկայացուցիչներուն  հետ: «Մենք շատ երախտապարտ եւ շնորհակալ ենք Լիբանանին այն վերաբերմունքի համար, որ ցուցաբերւում է հայ համայնքի նկատմամբ: Շնորհակալ ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման համար, Ցեղասպանութեան տարիներին մեր հայրենակիցներին ցուցաբերած հիւրընկալութեան եւ օժանդակութեան համար: Բայց մենք նաեւ արձանագրել ենք, որ ունենալով շատ բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւններ՝ իրականում եղբայրական եւ բարեկամական, տնտեսական յարաբերութիւններու, տնտեսական բաղադրիչի մէջ ետ ենք ընկել եւ, մեր պատկերացմամբ, առաջարկել ու ներկայացրել ենք այն առաւելութիւնները, որոնք այսօր Հայաստանն ունի: Համոզուած եմ, որ մենք որոշակի հետաքրքրութիւն ենք առաջացրել Լիբանանի պիզնես միջավայրում, բանկային միջավայրում, եւ մօտ ժամանակներս յետադարձ կապ կ’ունենանք»,- մասնաւորապէս ըսած է վարչապետը:

Կարէն Կարապետեանը այցելած է նաեւ Լիբանանի հայ հոգեւոր, մշակութային ամենանշանաւոր օջախներէն՝ Զմմառի վանքը: Այստեղ կառավարութեան ղեկավարը հանդիպած է Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի հոգեւոր ներկայացուցիչներու եւ Զմմառի վանքի միաբանութեան անդամներու հետ, շրջած է վանական համալիրի տարածքին գտնուող եկեղեցին, թանգարանը եւ մատուռը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment