Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճան Կը Բողոքէ Արցախի Նախագահի Ուաշինկթըն Այցելութեան Դէմ

Ատրպէյճան Կը Բողոքէ Արցախի Նախագահի Ուաշինկթըն Այցելութեան Դէմ

by MassisPost

Արցախի նախագահ Բակօ  Սահակեան աշխատանքային այցով ժամանեց Ուաշինկթըն ուր նախատեսուած են հանդիպումներ Ամերիկայի Գոնկրէսի անդամներուն հետ:

Այս այցելութիւնը զայրոյթ յառաջացուցած է  Պաքուի մէջ, ուր  Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն կանչուած է  Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, որուն յանձնուած է բողոքի գիր:  «Ամերիկեան այս քայլը լուրջ վնաս կը հասցնէ բանակցութիւններու հոլովոյթին, կը ծառայէ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աճին եւ վնաս կը հասցնէ խաղաղութեան ու անվտանգութեան ապա հովման շարունակական ջանքերուն: Ամերիկացիները այս քայլով լուրջ հարուած կը հասցնեն իրենց նկատմամբ ատրպէյճանցի ժողովուրդի եւ հասարակական կարծիքի  վերաբերմունքինՙ, ըսած են ատրպէյճանցիները:

Ատրպէյճան խիստ մտահոգուած է միջազգային թատերաբեմի վրայ Արցախի արձանագրած յառաջխաղացքով եւ կը փորձէ ամէն գնով առաջքը առնել իր տեսանկիւնէն ՚վտանգաւոր զարգացումներունՙ:

Նախագահ Սահակեանի Ամերիկայի մայրաքաղաք այցելութեան նախօրեակին, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էվընս յօդուած մը հրապարակեց միջազգային քաղաքական հարցերու նուիրուած The National Interest մէջ, կոչ ընելով միջազգային հանրութեան   ողջունելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ժող ովուրդներու ընտանիքէն ներս:

«Արդէն ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ընդունի ազգերու ընտանիք»: Ըսած է Էվընս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment