Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան Պատասխան Կը Պահանջէ Քրիստոնէական Կառոյցներու Վրայ Յարձակումներու Հարցով

Կարօ Փայլան Պատասխան Կը Պահանջէ Քրիստոնէական Կառոյցներու Վրայ Յարձակումներու Հարցով

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ -HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը մարտի 6-ին Տրապիզոնի մէջ գտնուող Սանդա Մարիա կաթոլիկ եկեղեցիի վրայ իրականացուած յարձակման հարցով դիմած է երկրի Ներքին գործերու նախարար Սուլէյման Սոյլուին:

«Էրմենիհապեր»-ը կը գրէ, որ նախարարին հասցէագրած հարցադրման մէջ Փայլանը, շեշտելով, որ սա վերոնշեալ եկեղեցիի վրայ յարձակման առաջին դէպքը չէ, եկեղեցին անցեալին ալ քանի մը անգամ յարձակման ենթարկուած է, նշած է. «2011 թուականի յունուար ամսուն եկեղեցիի գմբէթի լուսաւորուած խաչը սպառնալիքներու թիրախ դարձած էր: Եկեղեցիի վրայ շիշեր նետուած են, որոնցմէ մէկուն մէջ գրութիւն դրուած է՝ «եկեղեցւոյ խաչը կամ դուք իջեցուցէք, կամ մենք կ՛իջեցնենք» բովանդակութեամբ: Այնուհետեւ 2016 թուականի յուլիսի 15-ին տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն յետոյ խումբ մը անձինք՝ քարերով ու մուրճերով զինուած յարձակած է եկեղեցւոյ վրայ, կոտրած պատուհանները, վնասած դուռը»:

Հայ պատգամաւորը, ուշադրութիւն հրաւիրելով այն փաստի վրայ, որ տարիներ շարունակ այս եկեղեցին յարձակման թիրախ է, հարցադրած է նախարարին, թէ ինչ քայլեր կը ձեռնարկուին եկեղեցւոյ անվտանգութիւնը ապահովելու համար, եւ արդեօք վերջին դէպքերու առնչութեամբ հետաքննութիւն սկսած է թէ ոչ:

Փայլանը նաեւ հարցուցած է, թէ առհասարակ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներու դէմ ատելութեան հողի վրայ իրականացուած, օր օրի աւելցող յանցագործութիւնները կանխելու համար ինչ քայլեր կ՛իրականացուին. արդեօք քրիստոնէական կառոյցներու վրայ նմանատիպ յարձակումներ իրականացնողները կը պատժուին թէ ոչ:

Սոյն թուականի Մարտի 6-ին Տրապիզոնի Քեմերքայա թաղամասի մէջ գտնուող Սանդա Մարիա կաթոլիկ եկեղեցւոյ վրայ յարձակում տեղի ունեցած էր: Միջին տարիքի տղամարդ մը կրակ բացած էր եկեղեցւոյ ուղղութեամբ եւ փախուստի դիմած:

Կարօ Փայլանը նաեւ քննադատած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, վերջինս Մերսին քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իշխող «Արդարութիւն» եւ զարգացում» (ԱԶԿ-AKP) կուսակցութեան ժողովի ժամանակ ցոյց տուած է թուրքական ծայրայեղական խմբաւորման՝ «Գորշ գայլերու» նշանը։

Նշենք, որ «Գորշ գայլերու»-ի քաղաքական թեւը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» (ԱՇԿ-MHP) կուսակցութիւնը, որ այժմ կը համագործակցի Էրտողանի կուսակցութեան հետ։

«Մի՛ բարկանաք ԱԶԿ-ի եւ ԱՇԿ-ի վրայ։ Մենք կը զգուշացնէինք։  Էրտողանը յայտարարեց այն, ինչը արդէն յայտնի էր։ Ուրկէ ո՞ւր հասած ենք»,- գրած է Փայլանը։

Էրտողանը, վերոնշեալ ժողովի ժամանակ «գորշ գայլերու» նշանը ցոյց տալով, վանկարկած է. «Մէկ ազգ, մէկ դրօշ, մէկ պետութիւն, մէկ հայրենիք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment