Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի եւ Լիբանանի Վարչապետները Քննարկած են Տնտեսական Համագործակցութեան Զարգացման Հեռանկարները

Հայաստանի եւ Լիբանանի Վարչապետները Քննարկած են Տնտեսական Համագործակցութեան Զարգացման Հեռանկարները

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանած է Լիբանան եւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին դիմաւորած է զանոնք Կառավարութեան նստավայրին մէջ:

Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին, Հայաստանի եւ Լիբանանի վարչապետներու առանձնազրոյցին յաջորդած է երկու երկրներու կառավարական պատուիրակութիւններու հանդիպումը:

«Լիբանանեան ընկերութիւնները կարող են օգտագործել մեր հարթակը առաւել լայն շուկաներ մուտք գործելու համար՝ հաշուի առնելով մեր անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին, Իրանի հետ սահմանին ազատ տնտեսական գօտին եւ ԵՄ հետ GSP+ առեւտրային ռեժիմը: Առհասարակ, այժմ լաւ ժամանակ է Հայաստան գալու եւ մեր երկրում ներդրում կատարելու առումով», – ըսած է վարչապետը:

Կարէն Կարապետեանը առաջարկած է դիտարկել նաեւ համատեղ ձեռնարկութիւններ հիմնելու հնարաւորութիւնը՝ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ։

Սաատ Հարիրի, ընդգծելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը, նշած է, որ Լիբանանը նոյնպէս լաւ վայր է ներդրումներ իրականացնելու համար, մասնաւորապէս, ենթակառուցուածքներու, ինչպէս նաեւ պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան կապակցութեամբ:

Կարէն Կարապետեանը առաջարկած է նաեւ ուսումնասիրել հայ-լիբանանեան ներդրումային հիմնադրամի ստեղծման գաղափարը:

Վարչապետը լիբանանցի գործընկերը հրաւիրած է այցելել Հայաստան՝ նշելով, որ այցի ժամանակ կարելի է նաեւ կազմակերպել հայ-լիբանանեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստ՝ վերոնշեալ հարցերը քննարկելու:

Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման ու սերտացման գործին մէջ:

Հանդիպման աւարտին վարչապետը գրառում կատարած է պատուաւոր հիւրերու «Ոսկեայ մատեան»-ին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment