Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերպիոյ Խորհրդարանը Մերժած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանաչելու Երկրի Ընդդիմութեան Առաջարկը

Սերպիոյ Խորհրդարանը Մերժած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանաչելու Երկրի Ընդդիմութեան Առաջարկը

by MassisPost

Սերպիոյ խորհրդարանը մերժեց ընդդիմութեան առաջարկը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչելու մասին:

Վերջին տասնամեակին նման առաջարկներ քանի մը անգամ ներկայացուած են սերպական խորհրդարանի մէջ, սակայն անոնք մշտապէս մերժուած են, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի պալքանեան ծառայութիւնը:

Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ մէկուկէս միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը այս անգամ ներկայացուցած էր Սերպիոյ նախկին վարչապետ Զորան Զիվկովիչը, որ ներկայիս կը գլխաւորէ «Նոր կուսակցութիւն» քաղաքական ուժը: «Ազատութեան» սերպական ծառայութեան հետ զրոյցի ընթացքին Զիվկովիչը կարեւորած է այդ հարցին մէջ պաշտօնական Պելեկրատի դիրքորոշումը յստակեցնելը՝ յիշեցնելով, որ 20-րդ դարու ամենամեծ այդ ողբերգութիւնը ճանչցած են ինչպէս Ռուսաստանը, այնպէս ալ ամերիկեան նահանգներու մեծամասնութիւնը:

Շուրջ 7 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Սերպիան, որ նոյնպէս անցած դարասկզբին կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ, սակաւաթիւ հայ համայնք ունեցող երկրներէն է. տարբեր գնահատականներով՝ այստեղ կը բնակին մինչեւ 300 հայ:

Չնայած այդ հանգամանքին՝ Սերպիոյ նախագահը մէկն էր այն օտարերկրեայ առաջնորդներէն, որոնք 2015 թուականի Ապրիլի 24-ին, Երեւանի մէջ, կը մասնակցէին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառման: «Չէինք կրնար յանդգնիլ այստեղ չըլլալ, մեզի համար չգալու տարբերակը չկար», – Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ յայտարարած էր Սերպիոյ այժմ արդէն նախկին նախագահ Տոմիսլաւ Նիկոլիչը: «Ինչպէ՞ս կրնանք մենք այսօր այստեղ չըլլալ եւ ինչպէ՞ս կրնանք դաւաճանել միլիոնաւոր զոհերու յիշատակը, ինչպէ՞ս չճանչնանք ճշմարտութիւնը, ինչպէ՞ս չսորվինք ճշմարտութեան այն դասերը, որոնք մարդկութիւնը դասաւանդած է եւ աւանդած է դեռ վաղուց  ըսած էր ան:

Ինչո՞ւ սերպական խորհրդարանը կը խուսափի պաշտօնապէս որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալ 1915-ի իրադարձութիւնները: Նախկին Հարաւսլաւիոյ արտաքին գործնախարարի նախկին օգնական Ալեքսանտրա Յոսկիմովիչի կարծիքով՝ Սերպիոյ համար վաղ   է նման հարցերով զբաղուիլը: «Սերպիան աւելի հրատապ հարցեր ունի կարգաւորելու, նախ եւ առաջ՝ Եւրամիութեան ապագայ անդամակցութեան հետ կապուած»,- ըսած է սերպ դիւանագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment