Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեանը Պէտք է Ենթարկուի Հանրապետական Կուսակցութեան Որոշումին

Սերժ Սարգսեանը Պէտք է Ենթարկուի Հանրապետական Կուսակցութեան Որոշումին

by MassisPost

Սերժ Սարգսեանը միանձնեայ որոշում չի կայացներ, այդ որոշումը պէտք է կայացնէ քաղաքական խումբը , իսկ անձը՝ ենթարկուի, Ազգային ժողովի ճեպազրոյցներու ժամանակ ըսած է ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը, անդրադառնալով 2014-ին Սերժ Սարգսեանի  այն յայտարարութեան, թէ ինքը չի յաւակնիր ո՛չ նախագահի, ո՛չ ալ վարչապետի թեկնածութեան։

«Եթէ կը լինեն թեկնածուներ, որ կը հրաժարուեն եւ դա հիմնաւոր կը լինի, ապա մենք կը քննարկենք», – նշած է ան:

Դիտարկման, թէ որոշման կայացման պարագային եթէ Սերժ Սարգսեանը չցանկայ վարչապետի պաշտօնը ստանձնել,  արդեօք ստիպուած պիտի ենթարկուի քաղաքական խումբի որոշումին եւ վարչապետ դառնայ, Պաղտասարեանը արձագանգած է. « ի հարկէ»։

Դիտարկման, թէ Ազգային Ժողովի կանոնակարգի համաձայն վարչապետի ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան 2 մայիսին ԱԺ նիստի ժամանակ, մինչդեռ ընդդիմութեան պնդմամբ հիմա որոշում կայ, 16 ապրիլին վարչապետի թեկնածու առաջադրել, իսկ ընտրութիւնները կազմակերպել 17 ապրիլին, Պաղտասարեանն ըսած է, որ նման որոշում չկայ (Ազգային Ժողովի ճեպազրոյցներու ընթացքին այս հարցը բարձրացուցած էր «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը – Aysor.am)։

«Կանոնակարգի կամ օրէնսդրութեան խախտում թոյլ չենք տուել։ Կարող են այդ հարցը բարձրացնել, կը տանք դրանց բացատրութիւնները, իսկ վարչապետի ընտրութիւնը կը կազմակերպուի կանոնակարգի համաձայն։ Որեւէ խախտում չի լինի», – նշած է ան։

Հարցին, թէ արդեօք «Ելք»-ը կը կարենայ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հաւաքել, որոնք դէմ կ’ըլլան վարչապետի պաշտօնին համար Սերժ Սարգսեանի թեկնածութեան, Պաղտասարեանը նշած է.

«Կարող էք հետեւել վերջին տարիների ընթացքում ընդդիմութեան կազմակերպած ցոյցերին ու անել հետեւութիւններ»:

Վահրամ Պաղտասարեանը աւելցուցած է, որ այնպիսի տպաւորութիւն կայ, թէ «Ելք»-ն արդէն առաջադրածէ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը, մինչդեռ ՀՀԿ-ն որեւէ քննարկում դեռ չէ ունեցած։

«Անակնկալների մի սպասէք։ Մենք որոշում չունենք, իսկ քաղաքականութեան մէջ ոչինչ չի բացառւում։ Ամէն օր փոխւում են բաներ։ Մենք կը քննարկենք, ձեզ տեղեակ կը պահենք», – աւելցուցած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment