Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հերթական Հնարաւորութիւնը Բաց Թողուեցաւ. Արա Գոչունեան

Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հերթական Հնարաւորութիւնը Բաց Թողուեցաւ. Արա Գոչունեան

by MassisPost

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հերթական հնարաւորութիւնը բաց թողուեցաւ, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նման տեսակէտ յայտնած է Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող «Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանը՝ անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգը դադրեցնելու մասին հրամանագրին։

Գոչունեանը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորում մօտ ապագային չի կանխատեսեր։

«Ինչպէս արդէն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն անցեալ աշնան յայտարարած էր, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, փաստօրէն, 2018-ի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց Թուրքիոյ հետ ստորագրուած արձանագրութիւններու։ Մօտաւորապէս 10 տարուայ ժամանակաշրջանին հայ-թրքական յարաբերութիւններու ամենայատկանշական վերելքը բնորոշեցին այդ արձանագրութիւնները եւ անկէ ետք ալ, անշուշտ, յաջորդեց համաչափ անկում։ Անգարան ու Երեւանը հերթական անգամ իրարմէ յուսախաբ եղան, եւ, դժբախտաբար, հայ-թրքական յարաբերութիւններու միջպետական հարթութեան վրայ բնականոնացման որոնումներու մթնոլորտի մէջ հերթական հնարաւորութիւնը բաց թողուեցաւ», – ըսած է Գոչունեան:

Հարցին, թէ արդեօ՞ք սա կը նշանակէ, որ փակուած է յարաբերութիւնները կարգաւորելու պատուհանը, «Ժամանակ» թերթի խմբագիրը պատասխանած է. – «Հարցը այն է, որ հայկական կողմն, ըստ երեւոյթին, կը պահէ իր քաղաքական կամքը, կ’ուզէ միջազգային հանրութեան համոզուած պահել, որ իր քաղաքական կամքը խախտուած չէ այս ուղղութեամբ, հայկական կողմը իր յանձնառութիւններէն վեր  կը դասէ, բայց իմ անհանգստութեան պատճառն այն է, որ արդէն այս գործընթացը յստակ արձանագրութիւններով պայմանաւորուած գործընթաց է, ըստ երեւոյթին, իր պիտանելիութեան ժամկէտը աւարտած է, այսպէս կոչուած, եւ պատահական չէ նաեւ, ըստ երեւոյթին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը պիտի ընտրուի Ազգային ժողովի կողմէ, եւ այդ ընտրութեան ճիշդ նախօրեակին Սերժ Սարգսեանը ուզած է առ ոչինչ համարել իր նախագահութեան ամենասկզբնական շրջանին ստեղծուած եւ կատարուած նախաձեռնութեամբ ստորագրուած այս արձանագրութիւնները: Այսինքն՝ նախագահ Սարգսեանը ուզած է իր ղեկավարութեան, իր պաշտօնավարութեան տարիներու ժամկէտին մէջ պահել այս արձանագրութիւնները եւ չէ ուզած փոխանցել յաջորդ շրջանին»։

Մէկ այլ հարցի՝ Թուրքիոյ՝ թէ՛ ներքին կեանքի, թէ՛ տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն մէջ ընդգրկուած ըլլալը արդեօք չի՞ յուշեր, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու հարցն այլեւս շատ կը հեռանայ, եւ մօտակայ շրջանին դժուար թէ վերականգնուի այդ գործընթացը, Գոչունեանը պատասխանած է. – «Բնականաբար, ներկայ իրավիճակի մէջ դժուար թէ ըլլան մեծ փոփոխութիւններ այսպիսի քարացած հիմնախնդիրներու կապակցութեամբ, առաւել եւս, որ տարածաշրջանը ծանր իրավիճակի մէջ է, Թուրքիան յաջորդ տարի ընտրութիւններու պիտի երթայ, եւ նախընտրական տրամադրութիւնները արդէն հիմակուընէ զգալի են երկրի մէջ: Ասոր գումարած՝ Թուրքիոյ մէջ այս վերջին 15 տարիներուն, այսինքն՝ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն, ազգայնական տրամադրութիւնները գագաթնակէտին հասած են, եւ այս ընդհանուր իրավիճակի տրամաբանութենէն չի բխիր Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման երթալը։ Այս պահու դրութեամբ դժուար թէ երկու հարեւան երկիրները կարենան իրենց առաջնահերթութիւնները համընկեցնելու կէտին հասնին, ուստի իմ մեկնաբանութիւնը կամ կանխատեսումը այն է, որ, ցաւօք սրտի, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման սպասողները դեռ պիտի համբերեն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment