Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Դադարեցուցած է Հայ-Թուրքական Արձանագրութիւնները

Հայաստան Դադարեցուցած է Հայ-Թուրքական Արձանագրութիւնները

by MassisPost

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրած է հրամանագիր «Հայաuտանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաuտանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին» արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգը դադրեցնելու մասին:

Ինչպէս տեղեկացուցած են ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, ՀՀ Նախագահի հրամանագրին մէջ ըսուած է.

«Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 7-րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պայմանագրերի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 39.1-ին յօդուածի 1-ին մասը` որոշում եմ

  1. Դադարեցնել 2009 թուականի Հոկտեմբերի 10-ին Ցիւրիխում ստորագրուած «Հայաuտանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիայի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաuտանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիայի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւնների զարգացման մասին» արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգը:
  2. Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարարին՝ արձանագրութիւնների կնքման ընթացակարգը դադարեցնելու մասին ծանուցել Թուրքիայի հանրապետութեանը»:

Նախագահ Սարգսեանը շեշտած է, որ Թուրքիան ուղղակի կոպիտ ձևով չվաւերացուց արձանագրութիւնները՝ առաջ քաշելով անոնց հետ կապ չունեցող նախապայմաններ․ – «Անցած ինը տարիների ընթացքում Անկարան, վերադառնալով իր անհիմն նախապայմաններին, ոչ միայն որևէ քայլ չառեց արձանագրութիւնները վաւերացնելու և ուժի մէջ մտնելու համար, այլեւ որևէ կասկած չթողեց, որ նա չի պատրաստւում այդ գործընթացը իրականացնել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment