Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀԿ-ն կը Փորձէ Ներկայացնել, որ Սերժ Սարգսեանի Վարչապետ Ըլլալու Պահանջը «Վարէն» Կու Գայ. Քաղաքական Վերլուծաբան

ՀՀԿ-ն կը Փորձէ Ներկայացնել, որ Սերժ Սարգսեանի Վարչապետ Ըլլալու Պահանջը «Վարէն» Կու Գայ. Քաղաքական Վերլուծաբան

by MassisPost

Հանրապետական կուսակցութիւնը կը փորձէ ներկայացնել, որ Սերժ Սարգսեանի վարչապետ ըլլալու պահանջը վարէն կու գայ, երէկ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է քաղաքական վերլուծաբան Հայկակ Արշամեանը։

«Սերժ Սարգսեանի առաջադրումը, որպէս վարչապետի թեկնածու, ներկայացւում է Հանրապետական կուսակցութեան, Հանրապետական մեծամասնութեան յորդոր խնդրանք, պահանջ, այսինքն՝ փորձում են ներկայացնել այնպէս, որ էդ պահանջը ներքեւից է գալիս։ Այսինքն՝ ողջ կուսակցութիւնը ցանկանում է, Սերժ Սարգսեանն առանձնապէս չի ցանկանում, նա յայտարարել է դրա մասին՝ հասարակութեանը բաց ասել է, որ ինքը շահագրգռուած չի շարունակելու երկրի ղեկավարումը, բայց քանի որ պահանջարկն այնքան մեծ է կուսակցութեան ներսում, որ ինքը չի կարողանում ընդդիմանալ պահանջարկին եւ ուղղակի էդ սոուսի ներքոյ է այժմ ներկայացւում Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան շարունակականութիւնը», – ըսած է քաղաքական վերլուծաբանը։

Ընդ որում, ինչպէս Արշամեանն ըսած է, ան կը ստանայ շատ աւելի մեծ լիազօրութիւններ, քան ունէր նախագահ եղած ժամանակ։

«Ապագայ վարչապետի լիազօրութիւնները սուփեր լիազօրութիւններ են, եւ այդ մարդու ձեռքում են կեդրոնանում երկրում ամբողջ իշխանութիւնը», – ըսած է քաղաքական վերլուծաբանը։

Յիշեցնենք՝ Ապրիլ 10, 2014-ին, Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ Սերժ Սարգսեանը, մասնաւորապէս, ըսած էր․ – «Վստահ եմ, որ մէկ մարդը երկու անգամից աւել իր կեանքում չպէտք է յաւակնի ընդհանրապէս երկրի կառավարման ղեկին Հայաստանում: Պաշտօնապէս յայտարարում եմ, որ ես՝ Սերժ Սարգսեանս, այլեւս երբեք չեմ առաջադրուելու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնի համար: Եթէ վերջնական քննարկումների արդիւնքում իմ ցանկութեանը չհամապատասխանող ուղի ընտրուի, նկատի ունեմ խորհրդարանական կառավարման մոտելը, ապա ես չեմ յաւակնի նաեւ վարչապետի պաշտօնին։ Վստահ եմ անգամ, որ մէկ մարդը երկու անգամից աւելի իր կեանքում չպէտք է յաւակնի ընդհանրապէս երկրի կառավարման ղեկին Հայաստանում»:

Երէկ Ազգային ժողովին մէջ իշխող Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը յայտարարած է, որ Սերժ Սարգսեանը, բացի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդը ըլլալէ, շարքային կուսակցական է եւ պարտաւոր է ենթարկուելու քաղաքական ուժի որոշումներուն՝ կուսակցութիւնը պէտք է որոշէ, թէ ով կրնայ ստանձնել իշխանութեան ղեկը եւ որ պաշտօնին:

Նշենք, որ Ապրիլ 9-ին պիտի աւարտի Սերժ Սարգսեանի նախագահական լիազօրութիւններու ժամկէտը, ինչէն ետք խորհրդարանը պիտի ընտրէ նոր վարչապետ, որ, ըստ փոփոխուած Սահմանադրութեան, պիտի ըլլայ գործադիր իշխանութեան փաստացի ղեկավարը։ Մինչ այդ՝ Մարտ 2-ին խորհրդարանը պիտի ընտրէ Հայաստանի 4-րդ նախագահը՝ եօթ տարի ժամկէտով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment