Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Արձագանգած Է Ալիեւի Յայտարարութեան

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Արձագանգած Է Ալիեւի Յայտարարութեան

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը արձագանգած է  Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան, թէ Երեւանն ատրպէյճանական ժողովուրդի պատմական տարածքն է` կարեւորելով բորբոքիչ յայտարարութիւններէն զերծ մնալը:

«Ազատութիւն»-ը հարցում ուղարկած էր Երեւանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատուն` խնդրելով ներկայացնել, թէ պաշտօնական Ուաշինկթընն ի՞նչ դիրքորոշում ունի Իլհամ Ալիեւի աղմկայարոյց յայտարարութեան կապակցութեամբ, եւ արդեօ՞ք նման յայտարարութիւնը չի բարդացներ ղարաբաղեան բանակցութիւններու ընթացքն ու սրեր իրավիճակը:

«Միացեալ Նահանգները կը պաշտպանէ Մինսքի խումբի համանախագահներու 11 Փետրուարի յայտարարութիւնը, ուր կողմերուն կոչ կ’ըլլար զերծ մնալ բորբոքիչ յայտարարութիւններէ եւ սադրիչ գործողութիւններէ: Միացեալ Նահանգները նաեւ կը խրախուսէ կողմերուն` յարգել 2017-ի Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ կայացած գագաթնաժողովի ընթացքին ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւնները‘ բանակցութիւններու աշխուժացման ու շփման գիծին լարուածութիւնը թուլացնելու ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու վերաբերեալ», – ըսուած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան պատասխանին մէջ:

Ատրպէյճանի նախագահի խօսքերուն աւելի վաղ անդրադարձած էր Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան, նշելով, որ «յիշատակուած յայտարարութիւնը ակնյայտօրէն չի նպաստեր լարուածութեան նուազեցման»:

Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան վերաբերեալ դիրքորոշում յայտնած էր նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ համանախագահող երեք երկիրներէն Ֆրանսան` արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան կայքին մէջ 20 Փետրուարին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կոչ ընելով «զերծ մնալ ցանկացած յայտարարութենէ կամ գործողութենէ, որ կրնայ մեծցնել լարուածութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment