Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Քրէական Գործ Յարուցուած է թէ ՀՀԿ-ի, թէ «Երկիր Ծիրանի»ի Աւագանիի Անդամներու Դէմ

Քրէական Գործ Յարուցուած է թէ ՀՀԿ-ի, թէ «Երկիր Ծիրանի»ի Աւագանիի Անդամներու Դէմ

by MassisPost

Փետրուար 13-ին Երեւանի քաղաքապետարանի աւագանիի նիստի ժամանակ «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան անդամները Նուպարաշէնի բնակիչներու խնդրանքով կոյուղաջուր բերած էին որպէս նուէր քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի համար:

Անակնկալը աւարտած էր «Երկիր Ծիրանի» անդամներու , մասնաւորապէս Մարինէ Խաչատրեանի նկատմամբ բռնութեամբ և յարձակումով:

Փաստաբան  Հայկուհի Յարութիւնեանը, հետեւելով իրադարձութիւններու զարգացման, նշած է, որ երկուստեք քրէական գործ յարուցուած է, ե՛ւ «Երկիր Ծիրանիի անդամներու նկատմամբ, ե՛ւ՝ ՀՀԿ աւագանիի անդամներու: Սակայն փաստաբանը մտահոգ է, որ այդ քննութիւնը անարդար կ’ընթանայ:

«Պաշտօնական գործունէութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն է տեղի ունեցել, դա արդէն ենթակայ է քննութեան, անկախ նրանից, թէ դա ինչ տեսակի վարոյթի շրջանակներում կիրականացուի՝ քրէական, թէ վարչական, փաստն այն է, որ կայ յանցանք եւ դա պէտք է դառնայ քննութեան առարկայ:

Ժողովրդավար պետութիւնում  նման միջադէպից յետոյ, այդ ամբողջ խմբակցութիւնը, որը բռնութիւն է կիրառել,  պէտք է իր լիազօրութիւնները վայր դնի, առաջին քայլը  անխուսափելիօրէն նրանց գործառոյթների դադարեցում է, յետոյ պէտք է քննութիւն ընթանայ համարժէք պատասխանատուութեան ենթարկելու հեռանկարով»:

Հայկուհի Յարութիւնեան խօսած է  նաեւ լրագրողներու մուտքը արգիլելու քաղաքապետարանի  պաշտօնեայի կողմէն մէջբերուած ներքին կանոնագիրք ըսուածի մասին, որով խոչընդոտուած էր լրագրողներու մուտքը քաղաքապետարան։

Փաստաբանը  առաջարկած է իր մասնագիտական օգնութիւնը այն լրագրողներուն, որոնք կ’ուզեն իրենց իրաւունքները պաշտպանել։ Ան կը կարծէ, որ սա հետաքրքիր նախադէպ կրնայ դառնալ առհասարակ ներքին կանոնագիրքերուն յղում կատարող վարչական մարմիններու դէմ լրագրողներու իրաւունքներու նուաճման գործին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment