Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Նոթեր Պասքերու Հայկական Ծագման Մասին

Նոթեր Պասքերու Հայկական Ծագման Մասին

by MassisPost

Վահան ՍԵթեանի Armenian Origins of Basque աշխատասիրութեան առթիւ

Armenian Origins of BasqueԱնցեալ Ուրբաթ, Փետրուարի 16ին, 2018 Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական գինեձօն մը նուիրուած Վահան Սեթեանի վերջերս հրատարակած Armenian Origins of Basque աշխատասիրութեան: Տարբեր տարիքի եւ մակարդակի հոծ թիւով հասարակութեան մը առջեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Ապրիլ» գրատան սեփականատէր Առնօ Երէցեան: Ան որպէս հետազոտող ներկայացուց Վահան ՍԵթեանը որ նմանապէս երկու գիրքերու հեղինակ է:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Armenian Origins of Basque գիրքի հեղինակ երիտասարդ մտաւորական Վահան Սեթեան: Ան ամփոփ կերպով նախ անդրադարձաւ իր կատարած պատմաբանասիրական հետազօտու-թիւններուն եւ հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան ակունքներուն մասին, առանց մոռնալու անոնց լեզուածագումնաբանական մարզերուն մէջ անցած ուղիները:

Վահան Սեթեան երախտագիտական ջերմ խօսքերով դրուատեց պասքերու հայկական ծագման մասին շահեկան ուսումնասիրութիւններ կատարած Վահան Սարգիսեան  (1954-2011): Արդարեւ ան վաղահաս տարիքին, մեծ ներդրում ունեցած է որպէս «պասքօլոժիստՙ իր խորաթափանց եւ տիտանական աշխատասիրութեամբ:

2017ին հրատարակած այս գիրքին պատրաստութեան մէջ մեծապէս օգտուած է Վ. Սարգիսեանի ակադեմական մակարդակով կատարած ուսումնասիրութենէն:  Այս կապակցութեամբ շահեկան արտատպումներ կը տեսնենք Վ. Սեթեանի գիրքին մէջ, որոնք առնչութիւն ունին պասքերու հիւսիսային Սպանիոյ մէջ վերահստատման եւ անոնց իւրայատուկ լեզուի գործածութեան մասին:

Վահան Սեթեան իր հետազօտութեանց իբր արդիւնք կը կանխատեսէ որ Ք.Ա. 3000-4000 տարիներ առաջ Մերձաւոր Արեւելքէն, Արեւմտեան Ասիայէն եւ Հայկական Բարձրավանդակէն արշաւած ժողովուրդները իրենց հետ տարած են նաեւ եօթը տարբեր լեզուներու արմատ բառերը: Կարգ մը լեզուաբաններու վարկածին համաձայն` ինտօ-եւրոպական լեզուախումբը ոչ մէկ առնչութիւն չէ ունեցած վերոյիշեալ խմբակցութեանց հետ: Դարերու ընթացքին բազմատեսակ տեղաշարժեր եւ արտագաղթեր տեղի ունեցած են, որոնք անցեալի քաղաքակրթութեան մէջ իրենց ուրոյն հետքերը ձգած են: Այս բոլորը երեւոյթներն արձանագրուած են Սպանիոյ եւ Պասքի պատմական գիտութիւններով զբաղուող շրջանակներու, ինչպէս նաեւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու դասագիրքերուն մէջ:

Պասքերն իրենց երկիրը կոչած են Euskal Herria, իսկ իրենց լեզուն Euskara, որպէս ազգութիւն կոչուած են Euskardumak: Անոնք ջանացած են անկախ ըլլալ եւ ունեցած են իրենց կառոյցներն ու կուսակցութիւնները: Միաժամանակ ինքզինքնին համարած են եւրոպացիներ…:

Նշենք նաեւ պասք-հայերէն ծաւալուն բառարան մը գոյութիւն ունի աւելի քան 10,000 բառերով եւ նախադասութիւններով: Կարելի է նաեւ զայն որոնել ու գտնել համացանցի վրայ ալ, միջազգային լեզուներու շարքին մէջ: Կ’արժէ այստեղ յիշատակել որ պասքերու հայկական ծագում ունեցող վարկածին մասին ոչ հայեր եւս իրենց հետազօտութիւնները կատարած են այս յոյժ հետաքրքրական գործին համար: Անոնց շարքին կը պատկանին Ժոզէֆ Քարսթ, Գասպար Էսգօլանօ, Էտուարտ Սբէնսըր Տաճսըն եւ ուրիշներ:

Կը յուսանք որ պասք-հայկական լեզուական ծագումնաբանութեան հարցով յետագայ ուսումնասիրողներն ու հետազօտողները պիտի կարենան նոր լոյս սփռել ու օգտաշատ ներդրում ունենալ հայ եւ միջազգային լեզուագիտութեան պատմութեան մէջ: Այս առնչութեամբ գնահատելի ներդրում մըն է Վահան Սեթեանի յիշեալ աշխատասիրութիւնը:

Գ. Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment